Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Ապահովական Նիստի Մը

Ապահովական նիստէն պահ մը

Ապահովական նիստէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Էտմոն Ֆատել, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա, ինչպէս նաեւ ապահովական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներուն կողմէ որդեգրուելիք միջոցառումները` պահպանելու համար երկրին կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Նիստէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ ողջունած է բանակին եւ ապահովական բոլոր կառոյցներուն աշխատանքը, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ համագործակցութիւնը` դրուատելով երկրին ապահովութիւնը պահպանելու իմաստով որդեգրուած ապահովական միջոցառումներն ու ի գործ դրուած ճիգերն ու ջանքերը:

«Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի դէմ նիւթուած դաւադրութիւններէն զգուշանալու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղուեցաւ լիբանանցիներուն վստահելու իրենց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, որպէսզի ահաբեկչութեան դէմ անոնց մղած պայքարը դիւրանայ: Ահաբեկչութիւնը լիբանանեան մշակոյթին երբեք մաս չի կազմեր», ըսաւ Մուքպել:

Ան աւելցուց, որ ցարդ երկրին ապահովական կացութիւնը այդ կառոյցներուն հակակշիռին տակ կը գտնուի, եւ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն կողմէ հաղորդուած տեղեկութիւնները կրնան բոլորովին ճիշդ չըլլալ:

«Բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ Պէյրութի մէջ որդեգրուած ապահովական բոլոր ծրագիրները պիտի գործադրուին մօտիկ ապագային, իսկ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ կացութիւնը հակակշռելու առումով լուրջ ջանքեր կան պաղեստինեան խմբաւորումներուն եւ ապահովական կառոյցներուն կողմէ», ըսաւ ան:

Նշենք, որ նախքան նիստին իր մասնակցիլը, զօր. Քահուաժի պատասխանելով վարչապետարանի լրագրողներուն հարցումներուն յայտնեց, որ Թարիք Ժտիտէի մէջ կատարուած խուզարկումներն ու ներխուժումները ուղղակիօրէն մաս կը կազմեն ապահովական կառոյցներուն կողմէ ահաբեկչական բջիջներ բացայայտելու իմաստով տարած արշաւին:

 

Share this Article
CATEGORIES