«Զօր. Աունի Նախաձեռնութիւնը Սերտուելու Կարիք Ունի» Յայտնեց Մաթար Եպիսկոպոս

Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը երէկ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած նախաձեռնութիւնը սերտուելու կարիք ունի, որովհետեւ անիկա բաւական բարդ է:

Մաթար եպիսկոպոսը շեշտեց, որ սահմանադրութեան բարեփոխումը այնքան ալ դիւրին չէ:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ կ՛ուղղէ բոլորին ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որովհետեւ նախագահական աթոռի թափուր մնալը դժուար կացութեան մը արտացոլումն է:

Ան դիտել տուաւ, որ Ռայի պատրիարքը ամէն ջանք ի գործ դրած է նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է իսլամ եւ քրիստոնեայ շահերը զուգահեռաբար պահպանել` առանց զանոնք իրարմէ բաժնելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES