Պասիլ Սուրիացի Գաղթականներուն Թղթածրարը Քննարկեց Լիբանանի Մէջ Օտար Պետութեանց Ներկայացուցիչներուն Հետ

Պասիլի եւ դեսպաններուն միջեւ հանդիպումէն պահ մը

Պասիլի եւ դեսպաններուն միջեւ հանդիպումէն պահ մը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Բրիտանիոյ, Արժանթինի, Աւստրալիոյ, Յորդանանի, Նիկերիոյ, Քորէայի եւ Չիլիի դեսպանները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը, այդ իմաստով Լիբանանի կառավարութեան որդեգրելիք նոր քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ գաղթականներուն կարիքները հոգալու նպատակով Լիբանանի տրամադրուելիք միջազգային օժանդակութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES