Խորհրդարանը Դարձեալ Յետաձգեց Նախագահական Ընտրութեան Նիստը

Ալեն Աուն

Ալեն Աուն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը յետաձգեց չորեքշաբթի, 23 յուլիս 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, երեսփոխաններու անբաւարար թիւին պատճառով:

Երէկ խորհրդարան ուղղուեցան 64 երեսփոխաններ:

Խորհրդարան ժամանած երեսփոխանները կատարեցին շարք մը յայտարարութիւններ. անոնց շարքին էր առողջապահութեան նախարար, երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ յայտնեց, թէ հանրապետութեան նախագահին մասին գոյանալիք համաձայնութիւնը պէտք է ներառէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը: Ապու Ֆաուր նշեց, որ եթէ նախագահական աթոռը երկար ժամանակի վրայ թափուր մնայ, ապա սահմանադրական եւ օրինական սխալներ պիտի արձանագրուին:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերը տարիներ շարունակ Թաէֆի համաձայնագիրին բոլոր զիջումները ծածկած են եւ ո՛չ իրենք իրենց ու ո՛չ ալ քրիստոնեայ համայնքին համար երաշխիքներ ապահոված են: Ան նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութիւնը կ՛երաշխաւորէ քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները:

Աուն յայտնեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին զօրակցած քաղաքական կողմերը պէտք է յարգեն եւ զօրակցին այդ նախաձեռնութեան գործադրութեան:

Ան յայտնեց, որ զօր. Աունի նախաձեռնութիւնը կը լուծէ նախագահական թափուր աթոռին հարցը եւ կը համընկնի լիբանանեան համայնքային վարչակարգին:

«Սահմանադրական այս բարեփոխումը մերժող կողմերը կը սպասեն արտաքին կանաչ լոյսին, իսկ մենք կը փափաքինք սրբագրել կացութիւնը` ի նպաստ լիբանանեան ժողովրդային կամքին», ըսաւ Աուն:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն ուղղուելու խորհրդարան եւ կատարելու իրենց ազգային պարտականութիւնը` ընտրելով հանրապետութեան նախագահ մը: Ան շեշտեց, որ իրենք ոչ մէկ հարց կ՛ուզեն քննարկել, նախքան հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

Այն Թինէի Մէջ

0207berri_arslan

Արսլան եւ Պըրրի

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:

Պըրրիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ղազի Արիտի, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնը:

Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելուները յայտնեցին, որ ըստ խորհրդարանի նախագահին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած նախաձեռնութիւնը այս հանգրուանին գործադրուելու նպատակով չէր կատարուած: Անոնք նշեցին նաեւ, որ Պըրրի անհրաժեշտ կը նկատէ նախագահական ընտրութեան կայացումը:

 

Share this Article
CATEGORIES