Անիի Մէջ Պիտի Վերսկսին Պեղումները
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններու սահմանին մօտ գտնուող Անիի մէջ պեղումները պիտի սկսին յառաջիկայ ամիս` իսլամական ռամատան ամսուան աւարտէն ետք:
Մշակութային եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան ղեկավար Հաքան Տողանայ նշած է, որ Կարսէն 42 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Անին Թուրքիոյ տարածքին գործող կարեւորագոյն զբօսաշրջական վայրերէն մէկն է:
Պեղումները տեղի կ՛ունենան Մայր տաճարի շրջակայքը եւ պիտի տարածուին պատմական քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ:
Անիի մէջ պեղումներ կատարուած են տարբեր տարիներու: Անոնք ընդհատուած են 2010-2011-ին եւ վերսկսած են 2012-2013-ին:
Անիի Աւերակներ Այցելողներուն Թիւը Կ՛աճի
Ըստ «Մարմարա» օրաթերթին, թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը արձագանգ հանդիսացած է Կարսի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նահանգային տնօրէն Հաքան Տողանայի կողմէ Անիի աւերակներուն մասին տրուած տեղեկութիւններուն, որոնց ընդմէջէն յայտնի կը դառնայ, որ Անի այցելողներու թիւը զգալիօրէն կը բարձրանայ տարուէ տարի:
Անցեալ տարի Անի այցելած էին 23,730 զբօսաշրջիկներ, իսկ այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին, այդ թիւը արդէն իսկ հասած էր 21,000-ի: Այցելուները կու գան մասնաւորաբար Գերմանիայէն, Հայաստանէն, Վրաստանէն եւ Ճափոնէն: Տողանայ դիտել տուած է նաեւ, թէ Անին գանձ մըն է, որ պէտք է տեղ գրաւէ աշխարհի ժառանգութեան ցանկին վրայ, եւ աւելցուցած, թէ նախարարութիւնը այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տանի արդէն:
Տողանայի յայտարարութիւնները, որոնց մէջ Անիի անունը գործածուած է ճիշդ ձեւով, այլ ոչ թէ «Անը» ձեւով, ուշադրութիւն կը գրաւեն այն բանով, որ անոնց ընդմէջէն Տողանայ կը ջանայ ամբողջովին մոռնալ Անիի հայկական պատմական դիմագիծը եւ շարունակ Անին կը ներկայացնէ իբրեւ բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններու օրրան: Այս «բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններ»-ուն մէջ հայոց անունը չէ յիշուած բնաւ, հակառակ անոր որ Անի այցելողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Անին կ՛ընդունի իբրեւ հայոց մայրաքաղաք:
Տողանայ յիշեցուցած է, որ տեղացի կամ օտար զբօսաշրջիկները, սովորաբար, նախ Վան կ՛երթան ու կ՛այցելեն Աղթամարի եկեղեցին, ապա կ՛այցելեն Տողու Պայազիտի «Իսհաք փաշա» պալատը եւ անպայմանօրէն` Անին:

