Ըստ Ղազախստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին. «Հայաստանի` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցելու Մասին Համաձայնագիրի Ստորագրումը Հաւանաբար Տեղի Ունենայ Հոկտեմբերին»

Էրլան Իտրիսով
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Էրլան Իտրիսով յայտնած է, որ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու մասին համաձայնութիւնը կրնայ ստորագրուիլ ընթացիկ տարուան հոկտեմբերին:
Իտրիսով` պատասխանելով երէկ «Թուիթըր»-ի հեռարձակման ծիրին մէջ օգտատիրոջ մը տուած համապատասխան հարցումին, գրած է. «Համապատասխան փաստաթուղթերու ստորագրումը, հաւաբանար, տեղի պիտի ունենայ Մինսքի մէջ հոկտեմբերին` Եւրասիական տնտեսական միութեան պետութիւններու ղեկավարներու հերթական հանդիպումին ընթացքին»:
CATEGORIES Հայկական

