Ուաշինկթըն Հանդիպելու Կոչ Կ՛ուղղէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներուն

Պրենթ Հարթլի

Պրենթ Հարթլի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնականի տեղակալ Պրենթ Հարթլի, ելոյթ ունենալով Վիեննայի մէջ կայացող եւ ապահովական հարցերու նուիրուած ԵԱՀԿ-ի խորհրդաժողովին ընթացքին` կոչ ուղղած է Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին աշխուժացնելու Արցախի տագնապի լուծման ուղղուած ջանքերը:

Ըստ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան, Հարթլի աւելցուցած է. «Յոյս ունինք, որ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահները կ՛ընդունին Փարիզի մէջ մօտիկ ապագային հանդիպելու Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի առաջարկը: Բանակցութիւնները աւելի առարկայական դարձնելու Զուիցերիոյ նախագահ Տիտիէ Պուրխալթերի կոչը եւս առիթ կ՛ընծայէ կողմերուն` խաղաղութեան հոլովոյթը արագացնելու»:

Հարթլի ընդգծած է, որ ժողովրդային դիւանագիտութեան ուղղութեամբ ջանքերը նոյնպէս կրնան օգնել տագնապի լուծման: Հարթլի աւելցուցած է, որ Ամերիկան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծումին:

Share this Article
CATEGORIES