Ծառուկեան Յանձնարարած Է Օգնել Սահմանամերձ Ռմբակոծուած Գիւղերու Բնակիչներուն

0207gagig-dzarugian«Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամը պիտի աջակցի ռմբակոծւած սահմանամերձ գիւղերու եւ բնական աղէտէն տուժած Վարդենիսի բնակիչներուն: Այս մասին, ըստ Aysor.am-ի, յայտնած է Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրապեան:

Զոհրապեան նշած է, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը նախօրէին հանդիպած է «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամի խորհուրդի անդամներուն, նաեւ` պատգամաւորներուն: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է վերջին օրերուն անգամ մը եւս ռմբակոծուած սահմանամերձ գիւղերու վիճակը, ինչպէս նաեւ` Վարդենիսի մէջ կարկուտի պատճառով ստեղծուած իրավիճակը:

«Հէնց տեղում յանձնարարուել է տարածքային կառոյցներին արագ արձագանգել, պարզել, թէ ի՛նչ առաջին անհրաժեշտութեան օգնութեան կարիք ունեն մասնաւորապէս Բարեկամական, Մովսէս, Կարմրաղբիւր, Այգեպար ու նաեւ Վարդենիսի գիւղի բնակիչները: Ինչպէս գիտենք, բազմաթիւ տների տանիքներ, ապակիներ ուղղակի պիտանի չեն® Անհրաժեշտ օգնութեան չափն արդէն այսօր կը ճշդուի եւ վաղն անհրաժեշտ օգնութիւնը կը հասնի աղէտից տուժած Վարդենիս եւ սահմանամերձ գիւղեր», ըսած է Նայիրա Զոհրապեան` աւելցնելով, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան տարածքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ գիւղերուն մէջ պիտի ըլլան նաեւ կուսակցութեան պատգամաւորները

 

 

Share this Article
CATEGORIES