Հայաստանի Եւ Ղարաբաղի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկեցին Բանակցային Հոլովոյթը

Միրզոյեան եւ Նալբանդեան
Երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Կարէն Միրզոյեանի հանդիպումը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ զրուցակիցները քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին առնչուող հարցեր:
«Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարները համակարծիք էին, որ Ազրպէյճանի կողմէ վերջին շրջանին Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ եւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակի սրումին ուղղուած Պաքուի նպատակային սադրանքները եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ ամէնէն բարձր մակարդակով կատարուող ռազմատենչ հռետորաբանութիւնն ու բանակցային հոլովոյթի էութիւնը խեղաթիւրող յայտարարութիւնները անգամ մը եւս կը փաստեն բանակցութիւններու ընթացքին յառաջընթացը խոչընդոտելու Ազրպէյճանի ապակառուցողական կեցուածքը», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

