Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Փոխանորդը` Տիգրանակերտի Մշակոյթի Դեսպան

Աթեշեան սրբազան եւ Անլը

Աթեշեան սրբազան եւ Անլը

Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան, որ Տիգրանակերտ գացած էր նախագահելու համար Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ անցեալ կիրակի օր մատուցուած Ս. պատարագին, երկուշաբթի, 30 յունիսին հանդիպում մը ունեցած է Տիգրանակերտի կուսակալ Մուսթաֆա Ճահիտ Քըրաչի եւ քաղաքապետ Ֆըրաթ Անլըի հետ:

Վկայակոչելով թրքական «Հապերլեր» կայքը` «Արմէնփրես» կը նշէ, որ Արամ սրբազան` իբրեւ յիշատակ, կուսակալին նուիրած է Հայաստանէն բերուած քանդակազարդ փայտեայ ծաղկաման մը, իսկ կուսակալը Արամ սրբազանին նուիրած է Տիգրանակերտի մասին զանազան գիրքեր:

Իր կարգին, քաղաքապետը յայտնած է, որ քաղաքապետարանը բարոյապէս եւ նիւթապէս միշտ պատրիարքարանի կողքին է` յոյս յայտնելով, որ հայկական Ս. Սարգիս եկեղեցին եւս կը վերաբացուի: Անլը նաեւ առաջարկած է Աթեշեանին ըլլալ Տիգրանակերտի մշակոյթի դեսպանը, իսկ պատրիարքական փոխանորդը իր կարգին ընդունած է առաջարկը:

Աթեշեան նաեւ խօսած է Ս. Սարգիս եկեղեցին վերաբանալու կարեւորութեան մասին` ընդգծելով, որ եկեղեցւոյ բացման պարագային` աւելի մեծ թիւով հայեր Տիգրանակերտ պիտի այցելեն: «Բոլոր անոնք, որոնք կ՛այցելեն Ս. Կիրակոս եկեղեցին, կը հարցնեն, թէ ե՛րբ պիտի բացուի Ս. Սարգիսը», ըսած է Աթեշեան:

Քաղաքապետարանին մէջ եւս կողմերը նուէրներ փոխանակած են:

Share this Article
CATEGORIES