Պաքուի Հռչակագիրին Մէջ Ներառուած Են Հայկական Պատուիրակութեան Բոլոր Առաջարկները
Երէկ աւարտեցաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի 23-րդ տարեկան նստաշրջանը, որ տեղի կ՛ունենար Պաքուի մէջ:
Հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ, Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Երկիր»-ին տեղեկացուց, որ արդէն ընդունուեցաւ վեհաժողովի եզրափակիչ` Պաքուի հռչակագիրը, որուն մէջ ընդգրկուած են հայկական պատուիրակութեան բոլոր նախկին ընդունուած առաջարկները:
Ան յայտնեց, որ հռչակագիրին մէջ քանի մը կէտեր կային մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ եւ այլն, որոնց Ազրպէյճան դէմ էր, բայց այդ կէտերն ալ մնացին: «Մեր առաջարկները կոմիտէներու արձանագրութիւններուն մէջ նշուած բոլոր առաջարկներն են, որովհետեւ կոմիտէներուն կողմէ ընդունուած արձանագրութիւնները կը մտնեն հռչակագիրին մէջ: Անշուշտ հաւանականութիւն կար, որ այնտեղ կարգ մը կէտեր փոխուած ըլլային, բայց ամէն ինչ նոյնութեամբ մնացած էր, ու այդ իմաստով ամէն ինչ բնական էր, յատուկ բան չկար: Աւարտեցինք` մեր սուրը փառքով դրինք պատեանին մէջ: Սովորական ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի լիակատար տարեկան նստաշրջան էր», նշեց Աղուան Վարդանեան:

