Ըստ Արմէն Ռուստամեանի. Այսօր Հասարակութեան Շահը Կը Ստորադասուի Մենաշնորհ Ունեցող Ընկերութիւններուն
Երէկ Ազգային Ժողովին մէջ, երբ ոչ իշխանական չորս ուժերուն ներկայացուցիչները լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ներկայացուցին իրենց դիրքորոշումները ելեկտրականութեան սղութեան վերաբերեալ, Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան ստեղծուած վիճակը վերլուծեց քաղաքական տեսանկիւնէ:
Այսօր, երբ երկրին մէջ կը յառաջանան ընկերային հնչեղութեան սուր հարցեր, անոնք ցոյց կու տան համակարգի ամբողջ սնանկութիւնը, եւ ականատես կ՛ըլլանք քանդուող տնտեսութեան:
Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, բնականաբար իշխանութիւնները այսօր կարիք ունին տնտեսական միջոցներու, եւ այդ միջոցները հայթայթելու երկու աղբիւր ունին` ժողովուրդէն կորզել ինչ որ կարելի է, եւ իր հերթին պատճառած է աղքատութեան 70-80 տոկոս, եւ երկրորդ աղբիւրը` արտաքին պարտքեր հաւաքել, որուն պատճառով ալ 4 անգամ շատցած է Հայաստանի արտաքին պարտքը: Ունինք ելեկտրականութեան համակարգ, որ պէտք է տնտեսութեան շարժիչ ուժ հանդիսանար, բայց այդ համակարգը իր դերը կը կորսնցնէ: «Ժամանակին ուժանիւթ արտահանող եղած ենք, եւ հիմա ասիկա ալ հարուածի տակ է: Ասոնցմէ կը բխին լուրջ հետեւանքներ տնտեսութեան համար, այսինքն` լուրջ խնդիր կայ, ուստի տնտեսութիւնը պէտք է փրկել», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:
Ըստ անոր, քառեակի փաստարկները, որոնք ներկայացուեցան նախանցեալ օր Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբի նիստին ընթացքին, այնքան հիմնաւոր էին, որ պէտք էր յետաձգել որոշման կայացումը, բայց չյետաձգեցին, որովհետեւ վերէն պատուէր կար: Այդ յանձնախումբը պատուէրէն դուրս կու գայ եւ կը դառնայ անկախ, եթէ իսկապէս այդ անկախութիւնը ապահովուի, ահա ինչու ընդդիմութիւնը կը պահանջէ, որ այդ լծակը տրուի ընդդիմութեան: «Այդ պարագային ընդդիմութիւնը այնպիսի առաջարկներ կը ներկայացնէ, որոնք կը բխին հասարակութեան շահերէն, եւ կախեալ չ՛ըլլար իշխանութիւններէն, կը յաջողի հակադրուիլ կեդրոնական իշխանութիւններուն: Մենք լուրջ խնդիր ունինք քաղաքական համակարգը առողջացնելու ու փոխելու, հակառակ պարագային ականատես պիտի ըլլանք հասարակութեան շահի կոպիտ խախտումներուն», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:
Ըստ պատգամաւորին, Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբը ըստ էութեան իր դերը չի կատարեր, նաեւ չի կատարեր օրէնքով ու սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած գործառոյթները, որովհետեւ 31-1 յօդուածը սպառողներու շահերուն մասին յստակ կ՛ըսէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել եւ ինչպէ՛ս պէտք է գործել մենաշնորհային դիրք ունենալու պարագային:
Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ օրէնքը շատ յստակ կը սահմանէ, որ յանձնախումբի գործունէութեան նպատակը պէտք է ըլլայ ապահովել հաւասարակշռութիւն սպառողներու եւ տնտեսվարող ենթականերուն միջեւ, բայց նման գործառոյթ մինչեւ հիմա ոչ ոք տեսած է:
Ընդհակառակն, միշտ սպառողի շահը ստորադասուած է մենաշնորհ ունեցող տնտեսվարող ենթականերուն շահերուն: Հետեւաբար, լուրջ բաց կայ, որ պէտք է կարգաւորել:
«Մեր կարծիքով, հիմք կայ դիմելու Սահմանադրական դատարանին` օրէնքի թերութիւնները վերացնելու համար: Օրէնքը պէտք է յստակ սահմանէ, որ պէտք է գերակայ նկատուի հասարակութեան շահը, այդ գերակայութիւնը օրէնքով լիարժէքօրէն սահմանուած չէ: Երբ պէտք ըլլայ մարդոց տուները քանդեն եւ որոշ կառոյցներ կառուցեն, այդ գերակայ շահը կը գործէ, սակայն երբ պէտք է իսկապէս հասարակութեան գերակայ շահը գործէ բոլոր հիմնարար հոլովոյթներուն մէջ, կ՛անտեսուի ատիկա, իսկ մարմինը, որ կոչուած է զայն ապահովելու, չի կատարեր իր գործառոյթները», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

