Նախագահ Սարգսեան Այցելութիւններ Պիտի Տայ Հարաւային Ամերիկայի Երկիրներ

Արման Սաղաթելեան
Նախագահ Սերժ Սարգսեան մօտ օրէն պիտի մեկնի Լատինական Ամերիկա: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը պիտի այցելէ Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ Չիլի: Արժանթինեան լրատուամիջոցներուն հրապարակած տեղեկութիւնները մեկնաբանեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Արման Սաղաթելեան` նշելով, որ «յառաջիկային կը նախատեսուին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնները Արժանթինի Հանրապետութիւն, Ուրուկուէյի Արեւելեան Հանրապետութիւն եւ Չիլիի Հանրապետութիւն, այդ այցելութիւններուն ժամկէտներուն եւ ծրագիրներուն վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին:
CATEGORIES Հայկական

