Ակնարկ. Իրողական Եւ Վիրթուալ Պետութիւններու Ստեղծման Առնչութիւնները
Տարածաշրջանի իրադարձային թէժ կէտը կը թուի, որ Սուրիայէն արագ անցում կատարած է դէպի Իրաք: Իսլամականութեան անունին տակ բազմազգի մահիկակիրներու արշաւանքը հետզհետէ ձեւ կը ստանայ` յայտարարելու համար իսլամական խալիֆայութեան կազմութիւնը, անոր աշխարհագրական սահմաններու գծումը եւ նոյնիսկ խալիֆաներու նշանակման հրամանագիրները: Մեծ խալիֆայէն մինչեւ մահիկակիր զինուորները ամէն առիթի կը խօսին կրօնական գաղափարախօսութեան եւ անոր ներշնչումին տակ արձանագրուող եւ տեղի ունենալիք գործընթացներուն մասին:
Իրադրութիւնները այնպէս կ՛ընթանան սակայն, որ ներկայ թէժ կէտի վրայ արձանագրուող զարգացումները, եթէ մէկ կողմէ կը խօսին տակաւին վիրթուալ իսլամական խալիֆայական պետութեան մասին, միւս կողմէ կ՛արագացնեն այս անգամ իրողական Քիւրտիստանի իրաւականացման քայլերը: Արդէն կը խօսուի իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութեան հանրաքուէի ճշդուած թուականին մասին: Խօսքը կը վերաբերի Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան վերաձեւաւորման գործընթացի սկզբնաւորման:
Իսլամական պետութեան ջատագովները զգուշաւոր մօտեցում ունին անկախացող Քիւրտիստանի նկատմամբ: Կը թուի, որ փոխադարձ է այս վերաբերումը, յայտնապէս եթէ նկատի ունենանք սիւննի-շիի դէպի յայտարարուած պատերազմի վերածուող դէպքերը: Այս փաստը միայն աւելի կը համոզէ, որ կրօնականութեան անունին տակ կատարուող նոր քարտէսագծումը խորքին մէջ այլ էութիւն ունի: Այլադաւանութիւնը չէ այստեղ բաժանարար գիծը, այլ անիկա պարզապէս օգտագործելի եւ հրահրիչ հանգամանք ունի:
Այս փոխադարձ զգուշաւորութիւնը երեւցաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ. այլադաւանութիւն չհանդուրժող ծայրայեղականները զսպուած էին սուրիական ինքնավար քրտական շրջաններուն նկատմամբ: Առ այսօր արձանագրուած դէպքերը միայն մանրապատկերներ կարելի է նկատել համեմատաբար այն տարողութեան, որ կիրարկուեցաւ Սուրիոյ մէջ այս տարրերուն եւ կառավարական ուժերուն միջեւ:
Հալէպէն մինչեւ արեւելեան Իրաքի Տիյալա նահանգ հռչակուած իսլամական խալիֆայութեան ճարտարապետները նոր կացութիւն կը հրամցնեն ամբողջ տարածաշրջանին: Տակաւին վիրթուալ այս պետութեան ձեւաւորման համար մղուող պայքարը կատաղի է սակայն: Տրամադրուած միջոցները կը յուշեն աշխարհաքաղաքական կեդրոններու ներշնչումները, հովանաւորչութիւնը, ֆինանսաւորումն ու զինումը:
Այստեղ իրադրութիւններու մեկնաբանութեան համար պէտք է գերլարել ազգային ոսպնեակը: Նախ անշուշտ այն, որ յայտարարուող պետութեան սահմաններուն կամ առնուազն սահմանամերձ շրջաններուն հայկական աւանդական համայնքներու գոյութիւնը կը պարտաւորեցնէ հեռանկարի ճիշդ ուրուագծման հնարաւոր ձեւաւորումները տեսնել. երկրորդ այն, որ մեր գլխաւոր հակառակորդը որքանո՛վ շահագրգռուած է աշխարհաքաղաքական այս փոփոխութիւններով, արձանագրուող զարգացումներով եւ իր գործօնի ազդեցութեան խնդիրով:
Տակաւին շատ մելան կը հոսի այս ուղղութեամբ: Համացանցային մեծածաւալ տարածքներ կը գրաւուին լուսաբանելու եւ մեկնաբանելու այս խնդիրները:
Նկատենք առայժմ, որ իրաւականացման ճամբան բռնած իրաքեան Քիւրտիստանը, համաքրտական հայեցակէտով վաղուան Մեծն Քիւրտիստանի մէկ մասն է միայն: Ու թէեւ այսօրուան անկախացողը այս պահու դրութեամբ բնականոն յարաբերութիւններ ունի Անգարային հետ, այսուհանդերձ վաղուանին առաջին քայլն է, իսկ վաղուանը Թուրքիոյ մասնատումն է: Մինչ, չմոռնանք, որ իրաքեան պաշտօնական Քիւրտիստանի հետ յատկապէս առեւտրական ոլորտի համագործակցութեան նախադրեալներ ստեղծուած էին նաեւ Երեւանի նախաձեռնութեամբ:
Բաժանարար ծրագիրներ, հանրաքուէներու կազմակերպումներ, իրողական անկախութիւններու ճանաչման սկիզբներ, տարածաշրջանի իսլամացման սպառնալիքներ, Միջին Արեւելքի ապաքրիստոնէացման տանող գործընթացներ, այս բոլորը կը յուշեն տարածաշրջանին մէջ նոր իրավիճակներու ստեղծման մասին: Այս հեռանկարները անուղղակի կը վերաբերին նաեւ տեղւոյն հայ համայնքներուն:
Հեռանկարային հարցերու քննարկումը Երեւանի եւ միջինարեւելեան հայ համայնքներու համար հրամայական է: Մեզմէ անկախ ծաւալուող իրադարձութիւններու ընդհանուր ուղղուածութիւնները նկատելը առնուազն կ՛օգնէ հետագային առնուելիք քայլերու ճշդման աշխատանքներուն:
«Ա.»

