Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Լաւագոյնին ձգտիլը լաւ է, բայց չափազանցութիւններու դիմելը կը վնասէ ձեր որոշումներուն: Լաւագոյնը լաւին թշնամին է, լաւ իմացէք: Պարզ եղէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուղիղ ճամբաները ձեզ կը հասցնեն ձեր ուզած տեղը, անսովոր ձեւերու մի՛ դիմէք ծրագիր մը իրագործելու համար, հետեւեցէք կեանքի օրէնքին:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ինչ որոշում որ տուած էիք, մնացէք նոյն որոշումին վրայ: Ուրիշներու տեսակէտը չի համընկնիր ձեր հարցին: Ականջ տուէք ձեր խղճի ձայնին:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Փառքի տիրանալու ցանկութիւնը կարելի է բնական նկատել, երբ պարտադիր ընթացք չունի: Մի՛ հետապնդէք փառքը, ան կը փախչի ձեզմէ ձեր շուքին պէս:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մի՛ հետեւիք աւելորդապաշտութեան, սին է անոր խօսքը: Գիտութիւնը ուրիշ բան է: Ձեր առօրեան քիչ մը խճողուած է, արդար ըլլալը լաւագոյն ձեւն է:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Անասուն պահելը այնքան ալ դիւրին չէ: Կը կարօտի խնամքի, առողջապահական սկզբունքներու: Աւելորդ ծախսերու կ՛ենթարկուիք: Հեռու կեցէք ընտանի կամ այլ տեսակի անասուններ պահելու միտքէն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արտակարգ գիրութիւնը հիւանդութիւն է: Բարեձեւութիւնը անշուշտ նախընտրելի: Քանի մը քիլօ աւելի կշիռքը չի վնասեր ձեզի, բնական մնացէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ պտոյտի հրաւէր մը ստանաք, մի՛ մերժէք: Հոն պիտի փոխուի ձեր անտրամադիր վիճակը: Ուրախ սիրտը առողջութիւն է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հեռաւոր վայրէ մը տխուր լուր մը պիտի լսէք բարեկամի մը մասին: Կապ պահեցէք անոր հետ, որպէսզի մխիթարուած զգայ: Եթէ կրնաք, օգնեցէք անոր:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր զգացած անորոշ կացութիւնը բարեփոխութիւն պիտի ունենայ: Շուտով մի՛ յուսալքուիք: Նման պարագաներու` պէտք է զսպել յուզումը, որ զուր է:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր շահած գումարէն մաս մը պահեցէք գալիք օրերուն համար, որովհետեւ պէտք պիտի ունենաք մեծածախս ծրագիր մը յաջողցնելու: Խնայասէր ըլլալը կարեւոր է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեռնհասութեամբ պիտի կատարէք ձեզի յանձնուած արուեստի գործ մը, որ ձեր մասնագիտութիւնն է հաւանաբար, կամ` այլ տեսակի գործ մը: Դրամ պիտի ստանաք իբրեւ վարձատրութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES