50 Տարի Առաջ (4 Յուլիս 1964)
Խմբագրական
Միակամ Հայութիւն
Այսօր աւելի քան երբեք ճշմարիտ է այն իրողութիւնը, թէ հայութեան սիրտը համընթաց կշռոյթով կը զարնէ մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն` հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ: Հայութեան ընդհանրական կեանքը, ներկան ու ապագան հետաքրքրող հիմնական խնդիրներուն առնչութեամբ, մէկ եւ ամբողջական հայութեան գաղափարը տեղ գտած է գրեթէ բոլոր հոսանքներուն մէջ, եթէ պահ մը նկատի չունենանք մեր ապրումներուն եւ զգացումներուն անհաղորդ անուղղայ խռովարարներու խմբակ մը, որ տակաւին կը յամառի միջազգային մարզանքներու կրկէսի վերածել մեր կեանքը:
Գլխաւորաբար այս միասնականութիւնը` ժողովրդային լայն զանգուածներու, իր շօշափելի արտայայտութիւնը կը գտնէ Հայ դատին կապակցութեամբ, որուն ոչ միայն բաբախուն իրականութիւնը կ՛ընդունին երէկի ուրացողները, այլ նաեւ, ըստ կարգ մը երեւոյթներու, որոշ տրամադրութիւն ցոյց կու տան միջոցներու եւ ուղղութիւններու մասին տասնամեակներէ ի վեր մեր պարզած տեսակէտներուն:
Այս պարագան արձանագրելով իբրեւ շահ Հայ դատի հաշուոյն, կարեւորութեամբ կ՛ուզենք շեշտել նաեւ, թէ հայրենիք եւ սփիւռք այսօր նոյն մտահոգութիւններով եւ նոյն յոյսերով կ՛ապրին, նոյն հարցերը ունին իրենց սեղանին վրայ, իրարու մէջ փնտռելով ամբողջացուցիչ այն ուժն ու կարելիութիւնը` մեծ երազի իրականացման համար:
Քառասնամեակ մը բռնութիւն, աքսոր, բանտ ու մահ չկրցան հայրենաբնակ հայութեան հոգիէն ու մտքէն խլել անկախ եւ ինքնիշխան հայրենիքի գաղափարը` ամբողջացած հողերով եւ ամբողջական հայութեամբ:
Քառասնամեակ մը աստանդական կեանք, օտարութիւն, այլասերման վտանգ, սպիտակ ջարդ չկրցան սփիւռքի հայութեան դիմագիծը խաթարել, ազգային զգացումներէ զրկել, Հայ դատին հանդէպ անոր վառ հետաքրքրութիւնը նուազեցնել:
Այս յաղթանակը` տարուած հոս թէ հոն, գերմարդկային ճիգերու գնով, հայ ժողովուրդի տոկունութեան ներքին ազդակին նպաստով, վստահութիւն ու հաւատք կը ներշնչէ մեզի` ապագային նկատմամբ, երբ պատրաստուած է ենթահողը, իրագործուած այն հոգեբանական վիճակը, որ կարելիութիւն կու տայ մեր արդար իրաւունքներու արժեցման:
Այսօր, ով որ կ՛այցելէ Հայաստան, կը վերադառնայ այն հաստատ համոզումով, թէ հայ ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով սրտատրոփ կը սպասէ արդար հատուցման այն ժամին, երբ վերջապէս պիտի իրականանայ մեր դարաւոր երազը, ազատութեան եւ անկախութեան մէջ:
Այսօր ով որ ականջ կը դնէ սփիւռքի սրտի զարկերուն, աներկբայօրէն կը հաստատէ, թէ հակառակ մակերեսի խռովքին, հայ ժողովուրդը, իր ներքին խորութիւններուն եւ զգացումներուն մէջ կատարելապէս միակամ է Հայ դատին հետապնդման անհրաժեշտութեան եւ այս ուղղութեամբ` միասնականութիւն ստեղծելու գաղափարին շուրջ:
Հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ հաստատուած այս միակամութիւնը ուրիշ ձեւով չի բացատրուիր, եթէ ոչ` իբրեւ արդիւնքը այն անդուլ ու յամառ աշխատանքին, որ ազատատենչ հայութեան մտածումներն ու զգացումները մարմնաւորող կուսակցութիւն մը քառասնամեակ մը ամբողջ ունեցաւ մեր կեանքին մէջ` իր մամուլով ու հրապարակային ելոյթներով, այլ նաեւ` քաղաքական, ազգային ու մշակութային մարզերու մէջ ունեցած բոլորանուէր գործունէութեամբ:
Այսօր ուրախ ենք հաստատելու, թէ տասնամեակներէ ի վեր ՀՅ դաշնակցութեան քարոզած ու պաշտպանած գաղափարները լռելեայն ընդունուած են Հայ դատի լուծումը հայ ժողովուրդի միասնականութեամբ պայմանաւորող բոլոր հոսանքներուն կողմէ, ինչ որ ալ ըլլան անոնց մանր մունր հաշիւները ընթացիկ հարցերու կապակցութեամբ:
Վստահ ենք, որ այս մօտեցումը Հայ դատին ու անոր լուծման հնարաւորութիւններուն ու միջոցներուն հանդէպ` հետզհետէ ծաւալ պիտի գտնէ հայութեան լայն զանգուածներուն մօտ, որոնք ազգերու ազատութեան տիրացման այս ժամանակաշրջանին չեն կրնար այլեւս հանդուրժել հազարամեակներու կեանք ունեցող ժողովուրդի մը ներկայ վիճակին, անոր հայրենիքի անձուկ պայմաններուն եւ սփիւռքի մէջ հետզհետէ հալելու եւ կորսուելու մութ հեռանկարին:
Այս միասնականութիւնը առաջին քայլն է: Յաղթանակը նախ պիտի տարուի մեր տարակարծութիւններուն վրայ, ապա` արտաքին դժուարութիւններու, որոնք անյաղթահարելի չեն:

