ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ՓԱԹՐԻՔ ԱՍՍԱՖԻ ԱՆՈՒԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Երէկ, Ժամհուր վարժարանին մէջ աւարտեցաւ Փաթրիք Ասսաֆի անուան փինկ փոնկի տարեկան մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար յաջորդաբար 7-րդ տարին ըլլալով:
Կրտսերներու դասակարգին մէջ Միսաք Պոյաճեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) հանդիսացաւ երրորդ` տիրանալով պրոնզ մետալին:
Տղոց դասակարգին մէջ ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Սամիր Մըրշի իր կարգին հանդիսացաւ երրորդ:
Սակայն, Սամիր Մըրշի, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ վեթերաններու մրցումներուն, յաջողեցաւ տիրանալ առաջնութեան:
ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող այլ մարզիկ մը` Ռոք Հաքիմ, զոյգի մրցումներուն Մոհամետ Հապաշի հետ (Ռիատի) հանդիսացաւ երկրորդ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` հանգուցեալ մարզիկ Փաթրիք Ասսաֆի ընտանեկան պարագաներուն կողմէ:
CATEGORIES Մարզական

