ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ` ՍՈՒՐԻՈՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ «ՇՈՒՐՈՒՖԱԹ» ԵՐԿՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ՅՈՒԼԻՍԻ ԹԻՒԻ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը ունի զանազան հրատարակութիւններ եւ պարբերականներ. անոնցմէ մէկն է «Շուրուֆաթ» երկշաբաթաթերթը, որ կը բովանդակէ մշակութային նիւթեր` արուեստ, երաժշտութիւն, գրականութիւն, նախարարի տեսակէտ, թիւի անձնաւորութիւն եւ այլն:
Յուլիս ամսուան համար նկատի առնուած էր դամասկահայ դոկտ. Նորա Արիսեանը` իբրեւ «Շուրուֆաթ»ի թիւի անձնաւորութիւն, «Նորա Արիսեան` հետազօտող եւ թարգմանիչ» վերնագիրին տակ` լայն տեղ տալով Արիսեանի կենսագրութեան, ինչպէս նաեւ անոր թարգմանչական եւ պատմական հետազօտական հրատարակութիւններուն:
Յօդուածը անդրադարձած է նաեւ Արիսեանի` Յակոբ Պարոնեանի նուիրուած աշխատութեան` հատուածներ ներկայացնելով «Քաղաքավարութեան վնասները» գիրքէն:
CATEGORIES Գաղութային