Քոլ Եւ Էթու Հեռացան Չելսիէն. Շվարցըր Որոշեց Մնալ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ անգլիացի յետսապահ Էշլի Քոլ եւ քամերունցի յառաջապահ Սամուէլ Էթու թէեւ հեռացան Չելսիէն, սակայն աւստրալիացի նախկին բերդապահ Մարք Շվարցըր` որոշեց մնալ իր ակումբին հետ, մէկ տարիով երկարաձգելով իր պայմանագրութիւնը լոնտոնեան կազմին հետ:
Նշենք, որ Քոլ եւ Էթու հեռացան Չելսիէն, որովհետեւ չփափաքեցան իրենց աւարտած պայմանագրութիւններուն երկարաձգում կատարել:
Ինչ կը վերաբերի 41 տարեկան վեթերան Շվարցըրի, ան նախորդ տարեշրջանին ազատ փոխանցումով մը Ֆուլհեմէն Չելսիի միանալով կատարեց 13 մրցում:
CATEGORIES Մարզական

