2014-ի Մոնտիալ. Սքոլարի. «ՖԻՖԱ»-ն Չի Փափաքիր, Որ Պրազիլ Հանդիսանայ Աշխարհի Ախոյեան»

0207scolari-blatterՊրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, որ «ՖԻՖԱ»-ն կը փափաքի եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, որպէսզի Պրազիլ հանդիսանայ աշխարհի ախոյեան:

Ըստ սպանական «Մարքա» մարզական օրաթերթին, Սքոլարի նմանօրինակ յայտարարութիւն կատարած է 6 լրատուամիջոցներու հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:

Նշենք, որ հինգ անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Պրազիլ 2014-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ զօրաւոր խումբ մը` Քոլոմպիան:

Share this Article
CATEGORIES