Պորուսիա Տորթմունտ Իր Հովանաւորէն Պիտի Ստանայ 300 Միլիոն Եւրօ
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը կը յայտնէ, որ Պորուսիա Տորթմունտ պայմանագիրի ժամկէտը երկարաձգեց խումբին հովանաւոր «Էվոնիք»-ին հետ:
Նոր պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ 2025: Մինչեւ այդ թուականը, գերմանական ակումբը իր հովանաւորէն պիտի ստանայ 300 միլիոն եւրօ:
Այս ցուցանիշով Տորթմունտ «Պունտըսլիկա»-ին մէջ երկրորդն է եւ անիկա կը զիջի միայն Պայէրն Միւնիխին:
Նշենք, որ գործող պայմանագիրը ուժի մէջ էր մինչեւ 2016 եւ Տորթմունտ տարեկան կը ստանար 18 միլիոն եւրօ, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:
CATEGORIES Մարզական

