2014-ի Մոնտիալ. Օպամա Լրագրողներու Հետ Դիտեց Միացեալ Նահանգներ – Պելճիքա Մրցումը
2014-ի Մոնտիալի 1-16-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, որ իրարու դէմ հանեց Միացեալ Նահանգներն ու Պելճիքան, միլիոնաւոր մարդոց նման անոր հետեւեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա:
«Էյ. Փի.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Օպամա հրաւիրած է խումբ մը լրագրողներ եւ Սպիտակ Տան մէջ անոնց հետ դիտած է այս մրցումը:
CATEGORIES Մարզական

