ՍՓԻՒՌՔԻ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ՀԻՄՆԱՐԿ

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող երիտասարդ լրագրողներու դասընթացքին մասնակցողներուն «Հայ հասարակական միտքը քաղաքակրթական զարգացումներու համայնապատկերին վրայ» նիւթը ներկայացուց Ալպերթ Ստեփանեան: Ան խօսեցաւ պետութեան կազմաւորման մասին` լուսարձակի տակ առնելով այն երեւոյթը, որ ժողովուրդը միշտ պէտք է ունենայ գերխնդիր, որուն շուրջ պէտք է համախմբուի: Ապա դասախօսը լուսարձակի տակ առաւ հայ իրականութեան մէջ հասարակական միտքի զարգացման ընթացքը` տարբեր հանգրուաններու եւ տարբեր պայմաններու լոյսին տակ:

Ապա լրագրողները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր հանդիպում ունեցան կառոյցի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի հետ: Դասընթացքին հետեւողները հարցումներ ուղղեցին անոր, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գործունէութեան առնչուող լուսաբանութիւններ տրուեցան անոնց: Հայկ Դեմոյեան իր զրոյցին ընթացքին յատուկ կերպով անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող կրթական ծրագիրի մը գործադրութեան կարեւորութեան, որովհետեւ արդէն անհրաժեշտ է Ցեղասպանութեան առնչուող եզրերու միօրինականացումը համայն հայութեան մօտ:

Share this Article
CATEGORIES