ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ. ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԵՏՔ
Յաջողութեամբ աւարտեցինք Լիբանանի պետական քննութիւնները` միջնակարգի (պրէօվէ) եւ երկրորդական բարձրագոյնի (պաքալորէա): Մամուլը արձագանգեց յաջողած աշակերտներուն եւ անոնց վարժարաններուն ուրախութեան: Մամուլը լայն տեղ տուաւ այս յատկանշական երեւոյթին, որ ամէն տարի կրթական տարեփակին երեւան կու գայ, եւ երկու ամիսներու վրայ կը տարածուի նախ մղձաւանջը, ապա` յաջողածներուն ցնծութիւնը: Այս հրճուանքին մէջ մեծ բաժին մը ունին ամէն բանէ առաջ դասատու ուսուցիչները, որոնք սրտատրոփ կը հետեւէին քննութեան արդիւնքներուն: Անոնք հոգեկան գոհունակութիւնը ունեցան, թէ իրենց սպառած շունչը յումպէտս չէ վատնուած: Նոյն ատեն անոնք տրտմեցան աննշան թիւով ձախողածներուն համար, ձախողածներ, որոնց նկատմամբ չար բախտը ցուցաբերեց իր անգութ տրամադրութիւնը: Հոս կարելի է կողմնակի ակնարկ մը կատարել ձախողածներուն հաշուոյն, որոնք քննութեան ժամերուն թերեւս հանդիպեցան խիստ հսկիչներու անզիջող նայուածքներուն, իսկ «հազիւ յաջողածներն» ալ օգտուեցան բարեխիղճ, աչք փակող հսկիչներուն բարեմիտ տրամադրութիւններէն, նաեւ` ՔՈՓԻ կատարելու ճարպիկութենէն: Այս մասին խօսքը տանք պաքալորէայի քննութեանց մասնակցող քանի մը աշակերտներուն:
Արազն է պատմողը, որ «Շատ լաւ» յիշատակութեամբ յաջողեցաւ:
– Իմ ետեւի աթոռին վրայ տեղացի տղայ մը կար, անդադար հարցումներ ուղղեց, մանաւանդ գիտական եւ փիլիսոփայութեան դասերուն, օգնեցի իրեն, երբ հսկիչը հեռու էր մեզմէ: Բայց ան այնքան չափը անցուց եւ սկսաւ լեզուական դասերու կապակցութեամբ բառերու իմաստը հարցնել, ալ համբերութիւնս հատաւ եւ բարկացած ըսի իրեն.
– Կը ներես, կեդրոնացումս կը խանգարես, կրնամ սխալիլ, ա՜լ կը բաւէ…
Այլ օրինակ. հայկական երկրորդական վարժարանի աշակերտ Մարիան ալ ունեցաւ այլ փորձառութիւն մը:
Ան իր դասարանին լաւ աշակերտներէն էր, լաւ պատրաստուեցաւ պետական պաքալորէայի քննութեան, բայց երբ արդիւնքները ելան, իր թիւը չյայտարարուեցաւ, դասարանին բոլոր աշակերտները յաջողած են, իր թիւը չկար: Պրպտումներէ ետք տեսան, թէ դասերուն նիշերը յաջողութիւն կը թելադրեն, բայց իր թիւը չկար: Իրարանցում մը եւ յուզում ու արցունք: Ինչո՞ւ այսպէս եղած է…
Եկէք արդար ըլլանք ու ըսենք, թէ հսկիչները, քննիչները, սրբագրիչները, լրատուները բոլորն ալ մարդեր են, եւ կրնան շուարիլ կամ սխալիլ: Նման պարագաներու պէտք է դիմել առ որ անկ է: Ի վերջոյ, Մարիային յաջողութեան թիւը ուրիշ ցանկի մը մէջէն ելաւ օր մը ետք…
***
Մեր մատնանշումները կը վերաբերին նաեւ պրէօվէի քննութեանց: Դպրոցներու տնօրէնները, ուսուցիչները, աշակերտները եւ ծնողները կ՛ապրին մղձաւանջային տրամադրութեամբ: Արդէն ամիս մը քննութեան դասերը սորվելու տագնապը կայ, գիշերը ցերեկին խառնած դաս սորվիլ: Կան նաեւ անտարբեր աշակերտներ, որոնք իրենց յոյսը դրած են այս կամ այն միջամտութիւններուն, ՔՈՓԻ-ին կամ հսկիչներու բարեացակամ վերաբերումին վրայ: Բայց կայ հիմնական իրողութիւն մը, որ աշակերտին կեցուածքն է` դաս սորվելու լուրջ տրամադրութեամբ: Յաջողութիւնը յստակ կ՛ըլլայ այս պարագային, եթէ աշակերտը շատ զգայուն չըլլայ, վախն ու կասկածը չպղտորեն անոր ներաշխարհը, չքանդեն ինքնավստահութիւնը: Քաջութիւնը, ինքնավստահութիւնը ունին իրնց զօրութիւնը:
Պետական քննութեանց պարագային այլ գործօն մըն է յստակ ձեռագիր ունենալը: Եթէ աշակերտին ձեռագիրը ընթեռնելի չէ, կը ջղայնացնէ սրբագրիչը, որ չկարենալով կարդալ տուեալ ձեռագիրը, կը շուարի շօշափելի նիշ մը տալու: Նման պարագաներ եւս` կ՛արձանագրուին բոլոր տեսակի քննութիւններուն ժամանակ:
«Ազդակ» անխտիր լայն տեղ տրամադրեց մեր վարժարաններուն: Հաճելի էր տեսնել նկարները նորագոյն սերունդին, շրջանաւարտներուն` մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ երկրորդական բարձրագոյն վարժարաններու: Առատ էր հունձքը, այսուհանդերձ նկատելի էր մանկապարտէզներու «հունձքին» նուազումը: Կը նշանակէ, որ վերջին հնգամեակին մասնաւորաբար, ծնունդները եղած են քիչ թիւով, այս իրողութիւնը ցաւ կը պատճառէ բոլորիս` իբրեւ հայկական գաղութ, լիբանանահայ գաղութ: Աւելին չենք ըսեր, ընթերցողին կը թողունք այս մասին մտածելու հարցը:
Պետական քննութեանց յաջողութիւնները կարեւոր են եւ անհրաժեշտ: Հարկ է նկատի առնել նաեւ արհեստագիտութեան բերած մեծ նպաստը ասպարէզ մը ընտրելու լայն կարելիութեանց ընձեռումին մէջ: Դիւրութիւններ կան ասպարէզ մը որդեգրելու գիտութեան ընձեռած առաւելութիւններէն: Այս պարագային մենք կը մտածենք մեր լեզուին, արեւմտահայերէնին նկատմամբ տեսնուած անտարբերութեան մասին: Երանի թէ ունենայինք նաեւ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ պսակաւորներ: Ո՞ւր պէտք է փնտռել այս ոլորտին մէջ յաջորդական շարունակելիութիւնը: Եկէք մտածենք այս մասին, եւ ուժ տանք հայագիտական ուսման, որպէսզի վաղուան սերունդը ինքզինք անապատի մէջ չզգայ, երբ ներկայի հայագէտները բացակային կամքէ անկախ պատճառներով:
Մեր կրթական պատասխանատուները պէտք է մտածեն այս մասին, այսօր իսկ, որովհետեւ վաղը ուշ կ՛ըլլայ:
Կը շնորհաւորենք պետական քննութեանց յաջողածները, եւ կը մաղթենք, որ երկրորդ փուլին յաջողին նաեւ երէկուան ձախողածները: Յուսահատիլը հայուն չի վայելեր, միշտ դէպի առաջ:
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

