Արուեստի Աշխարհէն. Երեւակայածին Մարդ Մը` Լոնտոնի Կուռքը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«Ամէնէն հռչակաւոր լոնտոնցին, որ երբեւիցէ չէ ապրած եւ երբեւիցէ չէ մեռած» (1892-ի գծանկար):

«Ամէնէն հռչակաւոր լոնտոնցին, որ երբեւիցէ չէ ապրած եւ երբեւիցէ չէ մեռած» (1892-ի գծանկար):

ԲՐԻՏԱՆԱՑԻՔ ԻՐԵՆՑ ԳՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԸ ՏԵՒԱԲԱՐ ՎԵՐՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԵՒ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ՎԱՐՊԵՏՆ ԵՆ. ՇԵՐԼՈՔ ՀՈԼՄԶԻ ՏԻՊԱՐԸ ԲԱԶՄԻՑՍ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑԱԾ Է ԵՒ  ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՎ ՎԵՐԱԾՆԱԾ` 1887-ԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԻՐ ՅԱՅՏՆՈՒԹԵՆԷՆ Ի ՎԵՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԸ ԱՌԻԹՈՎ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԵՐԵՒԱԿԱՅԱԿԱՆ ԱՅՍ ՄԱՐԴԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԴԱՐՁԱԾ Է ՔԱՂԱՔԻ ՄԸ ԿՈՒՌՔԸ:

«Լոնտոնի մթնոլորտը աւելի ջերմ է` շնորհիւ իմ ներկայութեանս», ըսած է Շերլոք Հոլմզ առիթով մը: Այսուհանդերձ, այս գաղտնի ոստիկանը երբեք գոյութիւն չէ ունեցած: Ան ապրած է միայն մեր երեւակայութեան մէջ:

Այժմ Լոնտոնի թանգարանը կը ծրագրէ կազմակերպել ցուցահանդէս մը, որ պիտի կեդրոնանայ հռչակաւոր գաղտնի ոստիկանին վրայ եւ զայն ստեղծած հեղինակը` Արթըր Քոնըն Տոյլը պիտի ներկայացնէ իբրեւ Լոնտոնի ամէնէն առասպելական դէմքերէն մէկը:

Թանգարանը կը յայտարարէ, թէ 1951-ին Բրիտանիոյ փառատօնէն ետք առաջին անգամ ըլլալով գլխաւոր ցուցահանդէս մը պիտի նուիրուի Շերլոք Հոլմզի:

Ցուցահանդէսը պիտի ընդգրկէ արուեստի գործեր, որոնք պիտի բացայայտեն այս տիպարին արմատները եւ լոյս պիտի սփռեն վիքթորեան ժամանակներու Լոնտոնի վրայ:

Ծխամորճներ, որսորդական գլխարկներ եւ զէնքեր դարձած են հոմանիշ այս կերպարին:

Ծխամորճներ, որսորդական գլխարկներ եւ զէնքեր դարձած են հոմանիշ այս կերպարին:

Ցուցահանդէսին գործերը ընտրող մասնագէտը` Ալեքս Վեռնըր կ՛ըսէ. «Շերլոք Հոլմզ անհաւատալիօրէն հզօր մշակութային կուռք մըն էր Լոնտոնի մէջ»:

«Այս ցուցահանդէսին գլխաւոր մարտահրաւէրը այն է, թէ ի՛նչ իր որ պիտի ընտրենք, ոչ մէկ կապ պիտի ունենայ Շերլոք Հոլմզի հետ, որովհետեւ ան պարզապէս գրական տիպար մըն է, սակայն, այլապէս բոլոր իրերը ամէն ձեւով պիտի առնչուին անոր հետ»:

«Օրինակ` ծխամորճը աննշան իր մըն է, սակայն երբ զայն կը տեղադրենք Շերլոք Հոլմզի կողքին, կը դառնայ ապրող իր: Աշխարհի բոլոր կողմերէն այս տիպարին առնչուող հրաշալի իրեր կրնանք մէկտեղել` պատմելու համար Լոնտոնի պատմութիւնը»:

«Տը Սթրենտ» թերթը, որուն մէջ կը հրատարակուէին Շերլոք Հոլմզի պատմութիւնները, կը ներգրաւէին շաբաթը շուրջ կէս միլիոն ընթերցող:

«Տը Սթրենտ» թերթը, որուն մէջ կը հրատարակուէին Շերլոք Հոլմզի պատմութիւնները, կը ներգրաւէին շաբաթը շուրջ կէս միլիոն ընթերցող:

Ցուցահանդէսը Հոլմզի տիպարը պիտի օգտագործէ իբրեւ «պրիսմակ»` դիտելու համար քաղաքը եւ աւելի մօտէն ծանօթանալու այս տիպարին վերլուծող ուղեղին, անոր ժամանակներու հետազօտական-վիճարկութեան գիտութեան եւ պոհեմական նկարագիրին` ցոյց տալու համար, թէ ի՛նչ կը նշանակէր անգլիացի ազնուական տղամարդ մը ըլլալ վիքթորեան ժամանակներու Անգլիոյ մէջ:

Ցուցահանդէսը նաեւ պիտի պեղէ Հոլմզի տիպարին ստեղծումին շարժառիթը: Ցուցադրուող իրերու շարքին պիտի ըլլան Էտկար Ալըն Փոյի «Տը մըրտըրզ ին տը Ռիւ Մորկ» կարճ պատմուածքին ձեռագիր էջերը (գրուած` 1841-ին):

Շատեր Փոյի այս պատմուածքը կը նկատեն գաղտնի ոստիկանական առաջին պատմութիւնը: Ծանօթ իրողութիւն է, որ Քոնըն Տոյլ կարդացած է այս պատմուածքը, որուն գաղտնի ոստիկանի տիպարը` Օկըսթ Տըփէն, անոր «պատանեկութեան հերոսներէն էր»:

Տարօրինակ կերպով Տոյլ իր սեփական գրական գործին մէջ սկիզբը Հոլմզը նկատի ունեցած է իբրեւ երկրորդական տիպար մը:

Ան կը յուսար, որ ընթերցողներ համակուէին իր վէպերով, թատրերգութիւններով ու բանաստեղծութիւններով, սակայն իր ստեղծած գաղտնի ոստիկանի տիպարն էր, որ ամէնէն աւելի բազմութիւններ պիտի հմայէր, սկիզբը` «Տը Սթրենտ» շաբաթաթերթին ճամբով, որ ամէն շաբաթ կը ներգրաւէր շուրջ կէս միլիոն ընթերցող: Աւելի ուշ ան 56 պատմուածքներ պիտի հիւսէր այս տիպարին շուրջ:

Ցուցահանդէսին մէջ տեղ պիտի գտնեն շաբաթաթերթին մէջ հրատարակուած պատմուածքներուն Սիտնի Փաժեթի պատկերազարդումներուն բնօրինակները, ինչպէս նաեւ` իւղանկար մը, որ կը պատկերէ հեղինակը` «գաղափարներու տետրակին մէջ» նոթագրելու պահուն:

985holmes3

Ցուցահանդէսին մաս կը կազմէ Շերլոք Հոլմզի տիպարը ստեղծած Արթըր Քոնըն Տոյլի դիմանկարը:

Ցուցահանդէսին համար գեղանկարներ եւ տպագրութիւններ ընտրող մասնագէտը` Փեթ Հարտի, մէկտեղած է այնպիսի պատկերներ, որոնք կը ներկայացնեն Հոլմզի ժամանակներու Լոնտոնը:

«Այս շատ հռչակաւոր տիպարին ապրած քաղաքին բնապատկերը գաղափար մը կու տայ 19-րդ դարու վերջերու Լոնտոնի մասին: Անիկա շատ արդի քաղաք մըն էր, կայսերական լայն ցանցերով, հաղորդակցութեան եւ փոխադրամիջոցներու արդիւնաւէտ ցանցերով», կ՛ըսէ Հարտի:

«Այս ցանցերուն ճամբով որոշ ուղեւորութիւններ վերստեղծած ենք ցուցահանդէսին համար»:

«Հոլմզ տեւաբար կը փութար դէպի Հոլպոռն` դէպի Քինկ՛զ Քրոս ուղղուող ձիակառքը առնելու համար»:

Շերլոք Հոլմզ միաժամանակ տեսանելի եւ աներեւոյթ ներկայութիւն է այս քաղաքին մէջ:

Ցուցահանդէսին գաղափարը ծնունդ առած է հետեւողութեամբ թանգարանին կողմէ նախապէս կազմակերպուած այլ ցուցահանդէսներու, նուիրուած` Լոնտոնի այլ «կուռքերու», ինչպէս` Ճէք տը Ռիփըր եւ Չարլզ Տիքընզ: Սակայն առաջին անգամ է, որ կը ծրագրուի ցուցահանդէս մը նուիրել երեւակայական տիպարի մը:

Ծրագիրին պատասխանատուն` Անեթ Տէյ կ՛ըսէ. «Երկու տարի առաջ յղացանք գաղափարը: «Տիքընզի նուիրուած ցուցահանդէսը մեծ ժողովրդականութիւն վայելեց եւ անդրադարձանք, թէ գրականութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ օգնել մեզի` հասկնալու մեր քաղաքը»:

«Անմիջապէս ընկալեցինք մարտահրաւէրը եւ անդրադարձանք, թէ իրապէ՛ս ստեղծագործ մօտեցում պէտք էր ցուցաբերել` ընտրելու համար իրերը եւ զանոնք դիտելու համապատասխան ձեւով»:

Հոլմզի տիպարը տեղադրուած է պատմութեան որոշ մէկ ժամանակահատուածին մէջ, սակայն` «ան կը յարմարի բոլոր ժամանակներուն եւ վայրերուն»:

Հոլմզի տիպարը տեղադրուած է պատմութեան որոշ մէկ ժամանակահատուածին մէջ, սակայն` «ան կը յարմարի բոլոր ժամանակներուն եւ վայրերուն»:

Ցուցադրուող իրերուն շարքին պիտի ըլլայ Հոլմզի յատուկ ծալուող մեծ գլխարկ մը, որ Քէ. ճառագայթներով նկարուած է, որպէսզի ցուցահանդէսը այցելողները տեսնեն, թէ անիկա ինչպէս կը ծալուի: Տէյի համաձայն, գլխարկը կը խորհրդանշէ Հոլմզի «մանրամասնութիւններ փնտռելու եւ եզրակացութիւններու յանգելու» մօտեցումը:

Պիտի ցուցադրուի նաեւ կօշիկներու հաւաքածոյ մը, «զոր Հոլմզ պիտի ճանչնար եւ պիտի գիտնար, եթէ անոնցմէ մէկը կրողը պիտի կաղար»:

Ցուցահանդէսը նաեւ տեղ պիտի յատկացնէ Հոլմզի տիպարին կեանքին` բեմի վրայ եւ պաստառի: Պիտի ցուցադրուի այն հանդերձանքը, զոր կրած է Պենետիքթ Քամպըրպաչ` «Պի. Պի. Սի.»-ի սփռած Հոլմզի նորագոյն ժապաւէններու շարքին մէջ:

Պիտի ուսումնասիրուին անցեալի դերասաններու, ինչպէս` Ուիլիըմ Ճիլեթի (որ Հոլմզի տիպարը կը մարմնաւորէր Քոնըն Տոյլի ժամանակներուն) եւ Ճերըմի Պրեթի մարմնաւորումները` ի յայտ բերելու համար, թէ ինչպէ՛ս Հոլմզ գոյատեւած է 125 տարի եւ վերստեղծուած` իւրաքանչիւր սերունդի կողմէ:

«Հոլմզի տիպարին հետ ամէնէն սերտ բաղդատութիւնները կարելի է կատարել 20-րդ դարու պատկերազարդ գիրքերու մէջ պատկերուած հերոսներուն կերպարով, որոնք տեւաբար վերակենդանացած են եւ վերաթարմացած», կը բացատրէ Վեռնըր:

«Շերլոք Հոլմզ ուշագրաւ արարքներու մարդ էր, հետեւաբար շատ կը նմանի Պեթմընի, սակայն կը պատկանի աւելի կանուխ ժամանակներու»:

«Ան Լոնտոնի կուռքերէն է, ան իր կնիքը դրած է Լոնտոնի պատկերին վրայ, ամէնէն հռչակաւոր լոնտոնցին է, որ երբեւիցէ չէ ապրած եւ երբեւիցէ չէ մեռած»:

Շերլոք Հոլմզի աւանդութեամբ, Լոնտոնի թանգարանը կը խոստանայ աւելին բացայայտել մինչեւ ցուցահանդէսին բացումը` յառաջիկայ հոկտեմբերին:

 

Share this Article
CATEGORIES