Արուեստի Աշխարհէն. Անպատսպարներ Կը Հմայեն Օփերայի Սիրահարներ՝

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985CASTԱՆՊԱՏՍՊԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԿԱՅՔ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ԼՈՆՏՈՆԻ ՔՈՎԸՆԹ ԿԱՐՏԸՆԻՆ ՄԷՋ. ՊԱՀՊԱՆՈՂԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻ ՄԸ ԱՆԱՐԳԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱԿԱԶԴԵԼՈՎ` ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՇՐՋԵԼ ԱՆՈՆՑ ԿԵԱՆՔԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՕՓԵՐԱՅԻ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԻՐԵՆՑ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱԳՏԱԾ ՄԱՐԴՈՑ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ:

Ճորճ Եանկ` բրիտանացի պահպանողական երեսփոխանը, որ առիթով մը ըսած է, թէ անպատսպարները` «այն մարդիկն են, որոնց վրայ կը կոխենք, երբ դուրս կու գանք օփերայի շէնքէն», շատ սխալած էր:

Անպատսպար եւ նախկին անպատսպար դերակատարներ յունիսի կէսերուն վերջին անգամ ըլլալով խոնարհեցան «Ռոյըլ օփերա հաուս»-ի գլխաւոր բեմին վրայ` յաջող կերպով ներկայացնելէ ետք Ֆրանսիս Փուլենքի «Տիալոկ տէ Քարմելիթ» օփերան. պէտք է ըսել` շնորհիւ Ճորճ Եանկի վերոնշեալ յայտարարութեան, որմէ ետք բազմաթիւ անձերու կեանքին անիւը շրջեցաւ լաւ ուղղութեամբ:

«Սթրիթուայզ» օփերայի անդամներ Քովընթ Կարտընի մէջ բեմ բարձրացան երկար ժամանակէ ի վեր գործազուրկ լոնտոնցիներու, Լոնտոնի Խօսակցութեան եւ թատրոնի կեդրոնական դպրոցէն աշակերտներու եւ նախկին բանտարկեալներու հետ, որոնք մաս կը կազմեն «Սայնըրճի» թատերական ծրագիրին: «Երբ երկար ժամանակ աննկատ մնացած ես եւ յանկարծ ոտքի կը կանգնիս, եւ մարդիկ քեզի կը նային յարգանքով եւ սիրով, շատ հզօր զգացում մը կ՛ապրիս», կ՛ըսէ «Սթրիթուայզ» բարեսիրական օփերայի խումբին մէկ անդամը` ժերմեն:

Ժերմեն 60 տարեկան է եւ խումբին միացած է 4 տարի առաջ, երբ իր կողակիցին հետ դուրս դրուած է իր բնակարանէն: «Լքուած կը զգայինք,- կ՛ըսէ ան:- Ամուսինս, որ այժմ մահացած է, փողոցները ինկած էր, իսկ ես կը քնանայի բարեկամներու բնակարաններու մէջ: Մեր կեանքին ամէնէն վատ օրերն էին»: Այժմ ան կացարան մը ճարած է Լոնտոնի հարաւային Լամպեթ թաղամասին մէջ եւ կ՛ըսէ, թէ «Սթրիթուայզ»-ի իր անդամակցութիւնը կը խրախուսէ զինք: «Բեմին վրայ երբեմն կը մտածեմ` «դուք բոլորդ ծիծաղի առարկայ կը դարձնէիք զիս»: Սակայն այժմ հպարտութեան զգացում մը կ՛ապրիմ, երբ կ՛անդրադառնամ, թէ ո՛ւր կը գտնուիմ: Լաւ կը զգամ», կ՛ըսէ ան:

Մաթ Փիքոք «Սթրիթուայզ» օփերայի խումբը կազմած է 14 տարի առաջ, Ճորճ Եանկի յայտարարութիւնները քննելէ ետք Լոնտոնի Վիքթորիա թաղամասին մէջ բնակող անպատսպարներու հետ: «Անպատսպարներէն մէկը բարձրաձայն կարդաց թերթին յայտարարութիւնը, եւ ամէն ոք սկսաւ խօսիլ այդ մասին,- կը պատմէ ան:- Ոմանք կը մտածէին, թէ անպատսպարները ստորադասելու բնորոշ արտայայտութիւն մըն էր, սակայն նաեւ մտածեցինք, թէ առիթ մը կ՛ընձեռէր` շրջելու մարդոց կեցուածքները եւ մտայնութիւնը»:

«Սթրիթուայզ» օփերան այժմ կը շրջի Բրիտանիոյ տարածքին: Անիկա ելոյթներ ունեցած է Լոնտոնի Ալմայտա թատերասրահին եւ Սեչճ Կէյթցհետի մէջ: Փիքոքի համաձայն, պարզապէս նոր աշխատանքի մը մասնակցելով` անպատսպարներ կրնան վերագտնել իրենց արժանապատուութիւնն ու նպատակը:

Թայրըն Փոլ` 37 տարեկան անպատսպար մը, որ մասնակցած է «Տիալոկ տէ Քարմելիթ»-ի ներկայացումին, հինգ տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է կռիւի մը պատճառով: Ան կ՛ըսէ, թէ օփերան իրեն ընձեռած է զգացական նոր ապաւէն մը եւ մաքուր կերպարի յատկանիշ մը:

«Հանդիսատեսը նաեւ գաղափար չունի իմ պատմութեանս մասին, զիս կ՛ընդունի իբրեւ դերակատար, հաւասար` այն արհեստավարժ դերասաններուն, որոնց հետ բեմ կը բարձրանամ,- կ՛ըսէ ան:- Շատ ոգեւորիչ է. հազիւ վարագոյրը կը բարձրանայ, պարզապէս կը դառնամ ամբողջութեան մը մէկ մասը»:

Ֆրանսական յեղափոխութեան թոհուբոհը պատկերող «Տիալոկ տէ Քարմելիթ»-ը բեմադրուած է Ռոպըրթ Քարսընի կողմէ` Սայմըն Ռաթըլի ղեկավարած երաժշտութեան խորապատկերին վրայ: Քովընթ Կարտընի մէկ բանբերը կ՛ըսէ. «Տիալոկ տէ Քարմելիթ»-ը հզօր պատմութիւն մըն է, շատ աւելի դիպուկ, երբ կը բեմադրուի նման խաւ մը ներառելով: Դերակատարները կը ցուցաբերեն լուրջ յանձնառութիւն` իրենց կատարած գործին նկատմամբ. շատեր սրահէն հեռացած են արցունքը իրենց աչքին»:

 

Share this Article
CATEGORIES