Պոլսոյ Մէջ Հայ Կնոջ Սպանութեան Մէջ Մեղադրուող Հայը Յոյսով Է, Որ Իրական Յանցագործները Շուտով Կը Յայտնաբերուին
«Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ 85-ամեայ հայուհի Մարիցա Քիւչիւքը 12 տեղէ դանակահարելով ու ծեծելով սպաննելու մէջ կասկածուող, ազգութեամբ հայ Մուրատ Նազարեան դատական նիստի մը ընթացքին ինքզինք մեղաւոր չէ ճանչցած:
«Ես կ՛ուզեմ, որ մէկ վայրկեան առաջ ձերբակալուին մեղաւորները: Ես ալ վնասուած եմ», ըսած է ան:
Դատավարութեան ներկայ եղած են նաեւ վնասուած կողմի զաւակները:
Դատաւոր Էրոն Ճէյլան յիշեցուցած է, որ դատապաշտպանին պնդումով` Նազարեանի հոգեկան վիճակը ստուգուած է եւ այդ առնչութեամբ զեկուցում նախապատրաստուած է: Նազարեան սպանութենէն առաջ հոգեկան խնդիրներ ունեցած է եւ բուժում ստացած:
Բայցեւայնպէս դատարանը վճռած է մինչեւ 19 օգոստոս երկարաձգել Մուրատ Նազարեանի կալանքի ժամկէտը: Մինչ այդ, Մարիցա Քիւչիւքի տան` ճերմակ սփռոցի վրայ յայտնաբերուած նմուշներու «Տի.Էն.Էյ.»-ի փորձաքննութիւն պիտի կատարուի եւ արդիւնքը պիտի համեմատուի Մուրատ Նազարեանի տուեալներուն հետ:
Նախորդ դատական նիստին ընթացքին, սպանութեան օրուան մասին պատմած ատեն Նազարեան նշած է, որ մարդիկ, որոնց նախապէս չէ տեսած եւ չէ ճանչցած, իրեն նստեցուցած են ինքնաշարժի մը մէջ եւ դեղ տուած: «Այդ մարդիկը առաջ չէի տեսած, սակայն անոնք ինծի անունով դիմեցին, եւ ես կարծեցի, որ ոստիկաններ են, եւ նստեցայ ինքնաշարժ: Ինծի դեղ տուին, որմէ ետք ուշաթափուեցի: Միայն կը յիշեմ, որ մատէս արիւն վերցուցին», պատմած էր ան:
Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան ներկայացուցած մեղադրական եզրակացութեան մէջ կը նշուի, որ կասկածեալ Նազարեան «դաժանաբար եւ չարչարելով կանխամտածուած սպանութիւն կատարած է», եւ անոր դէմ ցկեանս բանտարկութեան պահանջ ներկայացուած է:
Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ հայ տարեց կիներու դէմ յարձակումներու քանի մը դէպքեր արձանագրուած էին: Մարիցա Քիւչիւքը վնասուածներէն մէկն էր:

