«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Բրիտանիոյ Տեղական Մարմինը Կ՛օժանդակէ Հայաստանի Հեռաւոր Գիւղական Բնակավայրերուն
Բրիտանիոյ հայ համայնքի հերթական նուէրը այս անգամ ստացան Ծղուկ, Թասիկ եւ Աղիտու համայնքներու (Սիւնիքի մարզ) 105 աշակերտները: Յաջորդ ուսումնական տարին անոնք դպրոց պիտի յաճախեն նոր պայուսակներով եւ գրենական պիտոյքներով: Այս մասին կը հաղորդէ հիմնադրամի մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը:
Գիւղացիները հաւաքուած էին կիսելու դպրոցականներու ուրախութիւնն ու անձամբ տեսնելու նուէրները: Մինչ փոքրերը անհամբերութեամբ կը բանային պայուսակները, բարձր դասարանցիները նուէրները ստանալուն պէս կը շտապէին տուն:
Ծնողները կարծիքներ կը փոխանակէին նուէրներուն վերաբերեալ եւ կը խոստովանէին, որ մեծ հոգէ մը ազատեցան: Անակնկալ նուէրներէն շոյուած` չորս թոռնիկ ունեցող Ռոզա մայրիկը անկեղծացաւ, թէ փոքրիկ նուէր մըն ալ բաւական էր, միայն թէ ուշադրութիւն ըլլայ:
Անահիտ Ղազարեան, որ անգամ մը եւս ժամանած էր Լոնտոնէն` նուէրները յանձնելու նպատակով, խոստացաւ օրուան բարձր տրամադրութիւնն ու ջերմ խօսքերը փոխանցել բրիտանահայերուն:

