Ռուսական Ուղղաթիռները Խախտած Են Ուքրանիոյ Օդային Տարածքը

0307Helicopter«Ինթըրֆաքս¬Ուքրայինա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ մարտական ուղղաթիռները երէկ երկու անգամ խախտած են Ուքրանիոյ օդային տարածքը` Լուկանսքի շրջանին մէջ:

«3 յուլիսին ռուսական ուղղաթիռները օդային հետախուզութիւն եւ ցուցադրական թռիչքներ իրականացուցած են ռուս¬ուքրանական սահմանին վրայ  եւ երկու անգամ խախտած են Ուքրանիոյ օդային տարածքը», հաղորդած են սահմանապահ ծառայութեան մամլոյ բաժինէն:

Ըստ տեղեկութիւններու, ատիկա տեղի ունեցած է Լուկանսքի շրջանի Պելովոտսք բնակավայրի մօտակայքը:

«Երկու «Մի¬8» եւ մէկ «Մի¬24» ուղղաթիռներ Ռուսիոյ մօտ 800 մեթր հատած են սահմանը: Որոշ շրջաններու մէջ խորացած են մինչեւ երեք քիլոմեթր եւ վերադարձած են Ռուսիա, հաղորդած են մամլոյ ծառայութենէն:

Երկրորդ դէպքը տեղի ունեցած է այլ շրջանի մէջ, երբ երեք ուղղաթիռներ ցուցադրական թռիչքներ իրականացուցած են եւ մինչեւ 7 քիլոմեթր ներխուժած են Ուքրանիոյ տարածք:

Share this Article
CATEGORIES