Մերքել Եւ Հոլլանտ Փութինի Կոչ Ուղղած Են Ռուսամէտներուն Հետ Բանակցութիւններուն Միջնորդ Դառնալու

Փութին եւ Մերքել
«Քորրեսփոնտընթ» կայքը` յղում կատարելով երէկ Ռուսիոյ նախագահին հետ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներուն ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք հրապարակուած Էլիզէի պալատի հաղորդագրութեան, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել դիմած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` կոչ ուղղելով իր ազդեցութիւնը օգտագործել Ուքրանիոյ արեւելքը գտնուող զինեալ ռուսամէտներուն վրայ եւ համոզել անոնց Քիեւի հետ բանակցութիւններ կատարել:
«Անոնք Ռուսիոյ նախագահին կոչ ուղղած են անջատողականներու հետ բանակցութիւններուն մէջ հանդէս գալու իբրեւ միջնորդ, որպէսզի զանոնք համոզէ երկխօսութիւն կատարելու Ուքրանիոյ իշխանութիւններուն հետ եւ հասնելու համաձայնութեան», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Բացի ատկէ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարները Փութինէն խնդրած են մինչեւ 5 յուլիս աջակցիլ հանդիպման կապի խմբակի կազմակերպման, որ պէտք է մշակէ զինադադարի պայմանները:

