Մետվետեւ. «Ուքրանիա Չի Վճարեր Կազի Դիմաց, Աշնան Լիարժէք Ճգնաժամ Պիտի Սկսի»

Տմիթրի Մետվետեւ

Տմիթրի Մետվետեւ

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Ուքրանիան չի վճարեր Ռուսիայէն ստացած կազին դրամը, պարտքը հսկայական է, ուստի աշնան լիակատար կազային ճգնաժամ պիտի սկսի:

Ռուսիոյ վարչապետը ընդգծած է, որ Ուքրանիան իրաւունք ունի Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան մասին համաձայնագիր կնքելու, իսկ Ռուսիան իրաւունք ունի Քիեւի հետ աշխատանքին մէջ նոր պայմաններու անցնելու եւ իր շուկան պաշտպանելու:

«Պաշտպանիչ միջոցառումներուն մասին որոշումներ պիտի տրուին խորհրդակցութիւններէն ետք: Ռուսիոյ կառավարութիւնը կը զբաղի ստեղծուած իրավիճակին վերլուծումով», կ՛ըսուի գրութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ «Կազփրոմ»-ը, գործող համաձայնագիրին համաձայն, 16 յունիսէն ի վեր Ուքրանիոյ «Նաւթոկազ»-ի հետ կ՛աշխատի կազի մատակարարումներուն դիմաց կանխավճարի սկզբունքով: Ատոր պատճառը այն էր, որ «Նաւթոկազ»-ի 1.95 միլիառ տոլար փոխանցելու ժամկէտը սպառած էր:

Share this Article
CATEGORIES