Նացիական Գերմանիոյ Մէջ Արիական Երեխայի Տիպար Ճանչցուած Աղջիկը Հրեայ Եղած Է

0307Nazi-Jew«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ այն երեխան, որ նացիական Գերմանիոյ մէջ արիականներու տիպար ճանչցուած էր, ի յայտ եկած է, որ իրականութեան մէջ հրեայ է:

Անոր դիմանկարը Երրորդ Ռայխի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն վայելած է: Սակայն ծագումին մասին յայտնի դարձած է, երբ ամերիկաբնակ Հեսի Թաֆթ Իսրայէլի մէջ Ողջակիզումի թանգարանին նուիրած է Գերմանիոյ մէջ հրապարակուած ընտանեկան ալպոմի նմուշներ: Շապիկին անոր սեփական նկարն է` մանուկ հասակին: Թաֆթ պատմած է, որ լուսանկարը պատուիրած են իր հրեայ ծնողները` Ժաքոպ եւ Փաուլինա Լեւինսոնները` 1935¬ին:

Լուսանկարի հեղինակը պերլինցի յայտնի լուսանկարիչ Հանս Պալին է: Իսկ լուսանկարը տարածման համար ընտրած է անձամբ Եոզեֆ Կէօպըլզ` Գերմանիոյ քարոզչութեան նախարարը:

Դէպքերէն 79 տարի ետք Թաֆթ պատմած է, որ իր մայրը փորձած է պայքարիլ լուսանկարիչի եւ Կէօպըլզի որոշումին դէմ, սակայն լուսանկարիչը բացատրած է, որ չ՛ուզեր նացիները յիմար վիճակի մէջ դնել:

Թաֆթ խոստովանած է, որ նացիներու համար պաշտամունքային լուսանկարի հերոսուհիին հրեայ ըլլալու հանգամանքը վրէժի զգացումի պէս բան մըն է իրեն համար:

Share this Article
CATEGORIES