Գերմանիա, Ֆրանսա, Ուքրանիա Եւ Ռուսիա Արեւելեան Ուքրանիոյ Մէջ Հրադադարի Ծրագիրին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

0307Ukraine«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայըր չորեքշաբթի օր յայտարարած է, որ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները յաջողած են մշակել շարք մը միջոցառումներ` ուղղուած Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ զինադադարի հասնելուն:

«Կը կարծեմ, որ այսօր տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին յաջողած ենք միջոցառումներու թղթածրարին շուրջ ձեռք բերել համաձայնութիւններ, որոնք ընդհանուր առմամբ կը տանին դէպի յուսալի փոխադարձ զինադադարի», Պերլինի մէջ տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպումի աւարտին ըսած է գերմանացի նախարարը:

Ըստ անոր, կողմերը մասնաւորաբար համամիտ գտնուած են ուքրանացի սահմանապահները եւ դէտերը ռուսական անցակէտեր ուղարկելու մտքին: «Մենք կ՛ողջունենք Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը` ապահովելու ուքրանացի սահմանապահներու հասանելիութիւնը անցակէտերուն, եւ մենք ԵԱՀԿ-էն կը խնդրենք նոյնպէս դէտեր ուղարկել այդ անցակէտեր», յայտնած է Շթայնմայըր:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին նշած է, որ հանդիպումին մասնակիցները կոչ ուղղած են կարելի եղածին չափ շուտ կապի խումբ ստեղծել Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի պայմաններուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու համար:

Share this Article
CATEGORIES