Թուրքիոյ Ընդդիմադիր Կուսակցութիւնները Կը Միաւորուին Ընդդէմ Էրտողանի
Թրքական հինգ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան, Ժողովրդավարական ձախ կուսակցութեան, Ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Անկախ Թուրքիա կուսակցութեան ղեկավարները 2 յուլիսին ժողով մը գումարած են եւ միացեալ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարած, որ նախագահական ընտրութեան ընթացքին կ՛աջակցին Էքմելէտտին Իհսանօղլուի թեկնածութեան:
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը գրէ, որ Ճշմարիտ ուղի կուսակցութիւնը սկիզբը այդ կուսակցութիւններուն կողքին եղած է, սակայն Ժողովրդավարական կուսակցութեան շուրջ վիճելի դասաւորումի մը պատճառով հեռացած է: Մեծ միութիւն կուսակցութիւնը հանդիպումին չէ մասնակցած, որովհետեւ տակաւին Իհսանօղլուին աջակցելու որոշում չէ տուած:
5 կուսակցութիւնները յայտարարեցին, որ իրենց նպատակը «իշխանութիւններու անջատումը ամրապնդելն է եւ ատելութեան ու բռնարարքի փոխարէն սիրոյ եւ խաղաղութեան լեզու օգտագործելը»:
Անոնք նշեցին, որ իրենք կատարելապէս վստահ են, որ Իհսանօղլու պիտի բարելաւէ Թուրքիոյ համաշխարհային վարկը, ինչպէս նաեւ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի սկզբունքներն ու հանրապետութեան հիմնական արժէքները զուգորդէ թուրք ժողովուրդի հոգեւոր արժէքներուն հետ, կառչած պիտի մնայ ազատականութեան, աշխարհիկութեան եւ սեռերու հաւասարութեան սկզբունքներուն, Թուրքիոյ խնդիրներուն տարբեր լուծումներ պիտի փնտռէ եւ պիտի ըլլայ բոլորը ներկայացնող անկողմնակալ նախագահ մը:
Թուրք վերլուծաբաններու կարծիքով, 5 կուսակցութիւններու որոշումին պատճառը 30 մարտին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքն էր, երբ գլխաւոր ընդդիմադիր երկու կուսակցութիւններէն մէկը քուէներուն 27.8 առ հարիւրը ապահոված էր, իսկ միւսը` 15.2 առ հարիւրը:

