«Թրքական «Էֆ-4»-ը Սուրիական Ուժերուն Կողմէ Վար Չառնուեցաւ» Կ՛ըսէ Թեքին

Կիւրսել Թեքին
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Կիւրսել Թեքին յայտնած է, որ յունիս 2012-ին վար առնուած թրքական «Էֆ-4» ռմբաձիգը սուրիական ուժերուն կողմէ վար չառնուեցաւ:
Օրին Թուրքիա սուրիական ուժերը ամբաստանեց միջազգային օդային տարածքին մէջ իր օդանաւը հարուածելու յանցանքով, սակայն Սուրիա մերժեց ամբաստանութիւնը` յայտնելով, որ օդանաւը սուրիական օդային տարածքին մէջ 100 մեթր բարձրութեան վրայ կը գտնուէր, երբ վար առնուեցաւ:
Ըստ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին, Թեքին խորհրդարանական հարցում մը ուղղած է պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազի եւ յայտնած, որ դէպքին շուրջ կառավարութեան գաղտնապահութեան որոշումը պէտք է հարցականի տակ առնուի: Թրքական բանակը միջադէպէն ետք սուրիական բանակին պատկանող թիրախներու հետ վարմունքի օրէնքը փոխեց:
Թեքին ըսաւ, որ դէպքին վերաբերեալ որոշ տեղեկութիւններ ունի, սակայն չի կրնար զանոնք հրապարակել` գաղտնապահութեան հրամանի պատճառով, եւ ինք կառավարութեան պատասխանին կը սպասէ:

