«Իրանցիները Ճնշումներէն Դիւրազգացութիւն Ունին» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ

Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ

«Տը Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Իրան կարծր պատասխան տուած է Արեւմուտքին, որ մէկ օր առաջ Թեհրանին յիշեցուցած էր, որ 20 յուլիսին վերջ կը գտնէ Իրանի հիւլէական խնդիրին համար վերջնական լուծում գտնելու ժամկէտը:

Ըստ աղբիւրին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ «Եութիուպ»-ի վրայ հրապարակած է Օպամային ուղղուած տեսերիզ մը, որուն մէջ կ՛ըսէ, որ իրանցիները ճնշումներէն դիւրազգացութիւն ունին, եւ կ՛առաջարկէ փոխադարձ յարգանք դրսեւորել: Տեսերիզը անգլերէնով է:

Փորձագէտները կը նշեն, որ ուղերձը  Արեւմուտքին ուղղուած յստակ պատգամ մըն է եւ քարոզչական գետնի վրայ առաւելութիւն ձեռք բերելու փորձ մը:

Ըստ աղբիւրին, տեսերիզին մէջ Զարիֆի ամբարտաւան ոճը յոռետեսութիւն կը հաղորդէ հոլովոյթին եւ փոխադարձ ընդունելի գործարքի հեռանկարներուն:

Share this Article
CATEGORIES