Պարզանի Խորհրդարանէն Անկախութեան Հանրաքուէի Կազմակերպման Համար Քայլեր Կը Պահանջէ

Մասուտ Պարզանի
Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի երէկ շրջանի խորհրդարանէն անկախութեան շուրջ հանրաքուէի կազմակերպման համար քայլեր պահանջեց:
Իր ղեկավարած Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամներէն երեսփոխան Ֆարհատ Սոֆի յայտնեց. «Նախագահը պահանջեց կազմել անկախ ընտրական յանձնախումբ մը` Քիւրտիստան շրջանին մէջ հանրաքուէն կազմակերպելու եւ դէպի յառաջ ուղին ճշդելու համար»:
Պարզանի խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Փեշմերկաները պիտի չհեռանան Մուսուլի դէպքերէն ետք իրենց տարածուած շրջաններէն»: Ան յայտարարեց, որ «Քերքուքէն եւ վիճելի տարածքներէն պիտի չհեռանանք»:
Պարզանի Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի վարած սխալ քաղաքականութիւնը պատասխանատու նկատեց Իրաքի մէջ ներկայ իրադարձութեանց համար: «Կարգ մը երկիրներ մեզի զօրավիգ կը կանգնին, եւ մենք մեզի աջակցիլ մերժողներուն դէմ պիտի չկանգնինք»:
Մինչ այդ, Սէուտական Արաբիա երէկ Իրաքի հետ իր սահմանին վրայ 30 հազար զինուոր տեղակայեց, երբ իրաքցի զինուորները սահմանէն հեռացան: Սէուտական պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ապտալլա Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը հրամայած է բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրել` թագաւորութիւնը հաւանական «ահաբեկչական սպառնալիքներէ» պաշտպանելու համար: Սակայն իրաքեան բանակի բանբեր Քասեմ Աթա հերքեց, որ իրաքեան ուժերը Սէուտական Արաբիոյ հետ սահմանէն հեռացած են:
Միւս կողմէ, ՏԱՀԵՇ Սուրիոյ Տէր Զօր շրջանի արեւելքը գտնուող գիւղական շրջաններուն տիրեց, երբ Մայատին, Քուրիյա, Աշահեր գիւղերը ճանչցան Իսլամական պետութիւնը: Ժապհաթ Նուսրա հեռացաւ Տէր Զօրի մէջ գտնուող երկու քաղաքներէ` Իրաքի սահմանամերձ նահանգին մեծամասնութիւնը ձգելով ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ:
ՏԱՀԵՇ-ի Իսլամական պետութիւնը երէկ նաեւ տիրեց Սուրիոյ մէջ գտնուող մեծագոյն քարիւղի դաշտերէն մէկուն:
Տահեշ Ազատ Արձակեց Իր Առեւանգած
32 Թուրք Վարորդները

ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ կ՛անցնին Սուրիա-Իրաք սահմանը
«Հիւրրիյէթ» հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ ազատ արձակեց շուրջ մէկ ամիս առաջ Մուսուլի գրաւման ժամանակ իր առեւանգած 32 թուրք վարորդները: ՏԱՀԵՇ 11 յունիսին նաեւ առեւանգած էր Մուսուլի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսը, անոր ընտանիքն ու հիւպատոսարանի անձնակազմը` ընդհանուր թիւով 49 հոգի:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հաստատեց, որ վարորդները կը գտնուին Էրպիլի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսին մօտ: Պոլիսէն օդանաւ մը մեկնեցաւ Էրպիլ` զանոնք Անգարա փոխադրելու համար:
«Մեզի ըսին, որ առաւօտեան ազատ պիտի արձակեն, եւ մենք հաւաքեցինք մեր իրերը: Մեզի տարին քրտական շրջան», պատմած է վարորդներէն Սերտար Պայար:
Ան տեղեկացուցած է, որ ազատ արձակուած բոլոր վարորդներն ալ լաւ են եւ առողջական որեւէ հարց չունին:
Անդրադառնալով Մուսուլի մէջ թրքական հիւպատոսարանի առեւանգուած աշխատակիցներու հարցին` թուրք վարորդը ըսած է, որ անոնց մասին առհասարակ որեւէ տեղեկութիւն չունի:

