Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք նկատել տուաւ, որ Լիբանանի բանտերուն հարցերը լուծելու քայլերը մաս կը կազմեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութիւնները, մանաւանդ երբ ան կը շարունակէ իր մէկ ուսին վրայ կրել Հըզպալլայի զէնքը, իսկ միւս ուսին վրայ` Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի մղած կռիւին դրօշը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսայի գաղտնի սպասարկութեան պետը այցելած է Պէյրութ եւ հանդիպումներ ունեցած լիբանանցի ապահովական պատասխանատուներու հետ, անոնց յանձնած մեծ թիւով տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ հետեւած Լիբանանի մէջ ձերբակալուած ֆրանսացիներուն հարցաքննութեան արդիւնքներուն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր անհրաժեշտ նկատեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդել եւ վերադառնալ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ տեղեկութիւններ ստացած են, թէ զիրենք սպաննելու ծրագիրներ կան:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ եւ Հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ՏԱՀԵՇ ծայրայեղական շարժումի կազմակերպութիւն գոյութիւն չունի:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով տակաւին շօշափելի տուեալներ չկան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հանրի Հըլու կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու` վերջ տալու համար երկրին մէջ տիրող կացութեան:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու շեշտեց, որ եթէ Հըզպալլա Սուրիոյ մէջ շարունակէ իր կռիւը, ապա ան Սուրիոյ տագնապը Լիբանան պիտի ներքաշէ:
ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ անհրաժեշտ նկատեցին Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեան կամուրջներուն վերահաստատումը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է վերջ տալ յամառ կեցուածքներուն եւ ամէն ջանք ի գործ դնել հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու նպատակով:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ցարդ չէ կրցած որոշում տալ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն գոյութիւնը կարգաւորելու իմաստով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի յայտնեց, որ շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ կը գործադրէ այն ծրագիրը, որ ձախողեցաւ գործադրուիլ Իսրայէլի կողմէ: «Հետեւաբար շրջանը բաժնելու Իսրայէլի քաղաքականութեան լաւագոյն միջոցը ՏԱՀԵՇ-ն է», ըսաւ ան:

