«Ահրար Սուննա Պաալպեք» Խմբաւորումը Կը Սպառնայ Քանդել Ընդհանրապէս Լիբանանի Եւ Յատկապէս Պեքաայի Եկեղեցիները

free-Sunni-brigade-Ahrar-al-Sunna«Ահրար Սուննա Պաալպեք» ահաբեկչական խմբաւորումը «Թուիթըր» ընկերային ցանցին ընդմէջէն յայտնեց, որ ինք ժիհատականներու յատուկ խմբակի մը յանձնած է ընդհանրապէս Լիբանանի եւ յատկապէս «Պեքաայի իսլամական էմիրութիւնը» եկեղեցիներէ դատարկելու պարտականութիւնը:

«Այս խմբակին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ Պեքաայի եւ Լիբանանի խաչակիրները թիրախ դարձնել, որպէսզի անոնք վերջ տան իրենց եկեղեցիներուն զանգերուն ղօղանջին», նշուեցաւ «Ահրար Սուննա Պաալպեք»-ի յայտարարութեան մէջ:

Քաղաքական Անձնաւորութիւններ`
Սպանութեան Սպառնալիքի Թիրախ

Քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու անդամ անձնաւորութիւններ ստացած են զգուշացումներ` ամրապնդելու իրենց ապահովութիւնը:

Այս առումով շրջանառութեան մէջ դրուած են նաեւ տեղեկութիւններ, թէ ՏԱՀԵՇ կը միտի սպաննել Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան:

Ահաբեկչական Ցանցերու Անդամներ`
Ռումիէի Եւ Պաղեստինեան Գաղթակայաններուն Մէջ

Ռումիէի մէջ բացայայտուած են բանտարկեալներ, որոնք ուղղակիօրէն անդամ են ահաբեկչական ցանցերու եւ բջիջներու:

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, կան փաստաթուղթեր, որոնց համաձայն, երկու արգելափակեալներ ուղղակիօրէն առնչուած են Լիբանանի մէջ գործուող ահաբեկչական արարքներուն:

Իր կարգին, «Անպա» օրաթերթը կը գրէ, թէ ՏԱՀԵՇ-ի բջիջներ կը գտնուին պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ, ուր կարգ մը ծայրայեղական խմբաւորումներ, ինչպէս` Ժունտ Շամ, Ֆաթհ Իսլամ եւ Պիլալ Պատրի ու Հայսամ Շաապիի հետեւորդներ բարձրացուցած են ՏԱՀԵՇ-ի դրօշը եւ ուրախութիւն յայտնած Իսլամական խալիֆայութեան պետութեան յայտարարութեամբ:

Նշենք, որ նախանցեալ օր Թարիք Ժտիտէի մէջ ձերբակալուած կասկածելին եւս ահաբեկչական ցանցի մէկ անդամը դուրս եկաւ:

Միւս կողմէ, Քալամունի Ժապհաթ Նուսրայի էմիր Ապի Մալեք Շամի յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց առճակատումը լեռներուն եւ սահմաններուն վրայ չէ այլեւս, այլ` ամբողջ Լիբանանի տարածքին կ՛արձանագրուի:

Share this Article
CATEGORIES