ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ ՄԵՂՍԱԿԻՑ ԸԼԼԱԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ

Անդրադառնալով հինգշաբթի գիշեր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին այն յայտարարութեան, թէ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ անակնկալ կերպով Համա մեկնած է, սուրիական արտաքին գործոց նախարարութենէն պատասխանատու աղբիւր մը երէկ յայտնեց, որ «ամերիկացի դեսպանին, հակառակ բոլոր դեսպանատուներուն քանիցս փոխանցուած ցուցմունքներուն, առանց արտաքին գործոց նախարարութենէն կանխաւ արտօնութիւն ստանալու Համա քաղաքին մէջ ներկայութիւնը յստակ փաստ մըն է Սուրիոյ մէջ ներկայ դէպքերուն անոր մեղսակցութեան եւ Սուրիոյ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը խախտող կացութիւններուն մագլցումը գրգռելու անոր փորձերուն»:

Աղբիւրը աւելցուց, որ «Սուրիա, որ կը զգուշացնէ այսպիսի անպատասխանատու վարմունքներու վտանգէն, երկրին մէջ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը վերականգնելու համար անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումներուն որդեգրումը շարունակելու իր վճռակամութիւնը կը հաստատէ»:

Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար գնդ. Մոհամետ Շաար յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ Ամերիկայի դեսպանը Համայի մէջ հանդիպում ունեցաւ խափանարարներու հետ եւ հիւանդանոցներու մէջ վիրաւորներու այցելեց` փորձելով ազգային երկխօսութիւնը խափանարարութեան ենթարկել»: Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Համայի Ասի հրապարակին վրայ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին մասնակցութեամբ եւ դրդումով սուրիական վարչակարգին դէմ ցոյց մը տեղի ունեցած է:

Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին, դեսպանը սուրիական կառավարութիւնը տեղեակ պահած է, թէ իր գլխաւորութեամբ դեսպանատունէն պատուիրակութիւն մը Համա պիտի մեկնի:

Ամերիկեան պատասխանատու աղբիւրներ լիբանանեան «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ «Դամասկոսի մէջ ամերիկացի դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի միջեւ մօտալուտ հանդիպումի մը դասաւորման համար ամերիկեան դեսպանատան եւ սուրիական արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին»:

Share this Article
CATEGORIES