ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Երէկ` ուրբաթ, 8 յուլիս 2011-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի հայրապետական ամարանոցին մէջ ընդունեց Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը:
Վեհափառին եւ դեսպան Քոչարեանի խօսակցութեանց առանցքը հանդիսացան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներուն առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներքին կացութեան վերաբերող խնդիրներ, յատկապէս խորհրդարանին կողմէ նոր կառավարութեան ստացած վստահութեան քուէի լոյսին տակ:
CATEGORIES Գաղութային

