Բանակը Կը Շարունակէ Ֆնայտեքի Խուզարկումները
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը տակաւին կը շարունակէ Ֆնայտեքի եւ Քամուայի խուզարկումներն ու արշաւները:
Միւս կողմէ, բանակը հրապարակեց նաեւ այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան օդանաւերը թռիչքներ կատարած են Քֆարքիլայի, Ռայեաքի, Պաալպեքի, Զահլէի եւ Պէյրութի ու անոր արուարձաններուն վերեւ եւ Լիբանանէն հեռացած են Ալմա Շաապի վրայով:
CATEGORIES Լիբանանեան

