Արտակարգ Նիստ` Պաալպեքի Մարոնի Համայնքի Առաջնորդարանին Մէջ
Պաալպեքի մարոնի համայնքի առաջնորդարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան մարոնի համայնքի Պաալպեքի առաջնորդ Էլիաս Ռահհալ եպիսկոպոսը, Պաալպեք-Հերմելի միւֆթի շէյխ Այման Ռիֆահի, միւֆթի Խալիլ Շքէյր եւ շրջանի քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, ինչպէս նաեւ շրջանի առեւտրականները:
Առաջնորդարանին մէջ գումարուած արտակարգ այս ժողովին ընթացքին քննարկուեցան «Ահրար Սուննա Պաալպեք» խմբաւորումին հրապարակած յայտարարութիւնը, որ կը սպառնար եկեղեցիներուն:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ Պաալպեքի մէջ իսլամ-քրիստոնեայ միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ քրիստոնեաները Արեւելքի մէջ արմատներ ունին:
Հանդիպումին ընթացքին քրիստոնեաներուն կոչ ուղղուեցաւ պատարագներ մատուցելու, ինչպէս նաեւ նախազգուշութիւններ որդեգրելու եւ պետական ապահովական կառոյցներուն վստահելու եկեղեցիներուն պաշտպանութիւնը:
Իր կարգին, շէյխ Այման Ռիֆահի յայտնեց, որ այս Արեւելքին մէջ ոչ ոքի պաշտպանութեան կարիքը ունին` շեշտելով, որ նման յայտարարութիւնները գաղտնի սպասարկութեան գործեր են, որոնք կը միտին քրիստոնեայ եւ իսլամ քաղաքացիներուն միջեւ լարուածութիւն ու սադրանք պատճառել:
Պաալպեքի քաղաքապետ Համատ Հասան իր կարգին մերժեց եւ խստիւ դատապարտեց եկեղեցիներուն դէմ սպառնալիքը` աւելցնելով, որ սիւննի համայնքը եւս Պաալպեքի ազգային հիւսուածքին մաս կը կազմէ:

