Ֆրենժիէ Ընդունեց Ապու Ֆատելը, Աֆրամը Եւ Համտանը

Սաատէ, Աֆրամ, Ապու Ֆատել եւ Ֆրենժի
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Մարուան Ապու Ֆատելը եւ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամը` ներկայութեամբ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Սոյն հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ ընդունեց նաեւ Մուրապիթունի ղեկավար մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Մուսթաֆա Համտանի:
Հանդիպումէն ետք Համտան դրուատեց Ֆրենժիէի ազգային կեցուածքները եւ կոչ ուղղեց բոլորին պայքարելու իսլամականներուն կողմէ գործադրուող եւ ամերիկեան-իսրայէլեան շահերուն ծառայող ահաբեկչութեան դէմ:
Համտան անհրաժեշտ նկատեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` դիտել տալով, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը կը վնասէ Լիբանանի ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հիւսուածքին:

