Սլէյման. «Լիբանանը Պիտի Վերածուի Անոր Սրբութիւններուն Եւ Քաղաքացիներուն Դէմ Յարձակողներուն Գերեզմանին»

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին մէջ կատարած իր գրառումին մէջ նշեց, որ Լիբանան պիտի վերածուի անոր սրբութիւններուն եւ քաղաքացիներուն դէմ յարձակողներուն գերեզմանին, ո՛վ որ ալ ըլլան անոնք եւ քաղաքական ի՛նչ կողմի որ ալ պատկանին:

Զօր. Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանցիները դարձեալ միասնական պիտի գտնուին ընդդէմ այս սպառնալիքներուն, որոնք հաւատադրժողական ինքնութեան ցուցանիշ են:

Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած սահմանադրական բացթողումները պատճառ պիտի չդառնան, որ ահաբեկիչները մուտք գործեն երկիր եւ իրենց սպառնալիքներուն տարափին տակ պահեն Լիբանանն ու քանդեն քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES