Վեց Ժամուան Նիստէն Ետք Կառավարութիւնը Պետական Համալսարանի Դասախօսներուն Եւ Սուրիացի Գաղթականներուն Հարցերը Յետաձգեց

Յոտնկայս յարգանք` Ռաշիտ Սոլհի յիշատակին
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Կառավարութեան նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նախկին վարչապետ Ռաշիտ Սոլհի յիշատակը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ կառավարութիւնը երկար ժամանակ տրամադրած է ստորագրելու համար աւելի քան 150 շրջաբերական: Ապա քննարկուած են օրակարգէ դուրս քանի մը հարցեր:
Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու, պետական համալսարանի տարբեր բաժանմունքներուն համար նախագահներ նշանակելու, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող թղթածրարները:
Կառավարութիւնը զոյգ թղթածրարները յետաձգեց իր յաջորդ նիստին, պայմանաւ որ Լիբանանեան պետական համալսարանին հարցը ըլլայ յաջորդ նիստին քննարկուելիք օրակարգին Ա. կէտը:
Ժրէյժ նշեց, որ կառավարութեան ժողովի մթնոլորտը դրական եղած է եւ աշխատանքի սովորական ընթացք տիրած` հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը նկատելով առաջնահերթութիւն:
Ան յայտնեց, որ կառավարութիւնը նախապէս քննարկած էր սուրիացի գաղթականներուն համար Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին մէջ գաղթակայան հիմնելու կարելիութիւնը, ինչ որ սակայն մեծ գումարներու կը կարօտի եւ այդ իմաստով անհրաժեշտ է միջազգային ընտանիքին օժանդակութիւնը ապահովել:
Ժրէյժ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը դատապարտած է պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան բռնարարքները եւ իր զօրակցութիւնը յայտնած պաղեստինցիներուն:
Տեղեկատուութեան նախարարը յայտնեց նաեւ, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութեան ներկայացուց Քուէյթ կատարած իր պաշտօնական այցելութեան արդիւնքները:

