105 Հազար Ընտանիք Ամսական 1000-ական Դրամ Պիտի Ստանայ Ելեկտրականութեան Համար
Հայաստանի կառավարութիւնը երէկ հաստատեց ելեկտրականութեան սղումին վերաբերեալ ընկերային առումով անապահով 105 հազար ընտանիքներու ամսական լրացուցիչ 1000-ական դրամ օգնութիւն յատկացնելու որոշումը:
Կառավարութեան հաշուարկներով` իւրաքանչիւր ընտանիք ամսական կը ծախսէ շուրջ 200 քիլովաթ/ժամ ելեկտրականութիւն, եւ ըստ այնմ ալ որոշուած է օգնութեան չափը:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ ելեկտրականութիւնը պիտի սղի 1 օգոստոսէն:

