Վարչապետ Աբրահամեան Ընդունեց Արթիւր Նազարեանը
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունեց Լիբանանի ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանը:
Բարձր գնահատելով Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ աւանդական բարեկամական կապերը` վարչապետ Աբրահամեան ընդգծեց. «Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ պիտի ընեմ ամէն ինչ, որպէսզի մեր երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ ակնյայտ դրական տեղաշարժ արձանագրուի եւ բազմաոլորտ համագործակցութիւնը աւելի աշխուժանայ ու ամրապնդուի»:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին երկկողմ առեւտրական-տնտեսական գործակցութեան զարգացումը եւ առկայ ամբողջ ներուժի լիարժէք օգտագործումը: Այս առումով երկուստեք անհրաժեշտ նկատուեցաւ միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի գործունէութեան աշխուժացումը, ինչ որ նոր թափ պիտի հաղորդէ տնտեսական յարաբերութիւններուն: Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւ նախարար Արթիւր Նազարեան մտքեր փոխանակեցին նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ, անդրադարձան ստեղծուած իրավիճակին, Լիբանանի հայ համայնքի առջեւ դրուած խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն:
Հայաստանի վարչապետը ջերմ ողջոյններ փոխանցեց Լիբանանի իր գործընկերոջ Թամմամ Սալամին եւ հրաւիրեց զինք իրեն յարմար ժամանակահատուածին այցելելու Հայաստան:

