2014-ի Մոնտիալ. Քոսթա Ռիքայի Բերդապահ Նաւաս Բացակայեցաւ Փորձերէն

0307costa-ricaՄիջազգային մամուլը իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ նշեց, որ Քոսթա Ռիքայի հիմնական բերդապահ Քէյլոր Նաւաս բացակայեցաւ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին կատարած փորձերէն` ուսի վնասուածքի պատճառով:

Անոր կազմը 2014-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականին ծիրին մէջ, բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ 5 յուլիսին ճակատի Հոլանտայի դէմ:

Քոսթա Ռիքայի ազգային խումբին բժիշկը` Էրիք Սանչես, յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ «Մենք պէտք է զգուշ ըլլանք եւ հանգստանալու առիթ տանք Նաւասի, որպէսզի ան Հոլանտայի դէմ կարենայ դաշտ ներկայանալ:

Share this Article
CATEGORIES