2014-2015 Տարեշրջանին «Լա Լիկա-ի Մէջ Պիտի Կիրարկուի «Անհետացող Փրփուրը»

0307vanishing-sprayԻնչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 2014-ի Մոնտիալին ՖԻՖԱ-ն գործադրութեան դրաւ շարք մը նորութիւններ: Անոնց կարգին են «Կոլ լայն թեքնոլոճի», «Քուլինկ պրէյք», անհետացող փրփուր եւ այլն:

Վերջինս` անհետացող փրփուրը, մեծապէս կ՛օգնէ իրաւարարին եւ կը դիւրացնէ անոր գործը, որպէսզի ան ազատ հարուածը կատարողին գնդակին շուրջ գծէ կիսակլոր մը, ինչպէս նաեւ անոր դիմաց կանգնած մարզիկներուն պատին սահմանը ճշդէ այդ գիծով:

Ինչպէս կը նշէ սպանական մամուլը, Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշած է այս նոր ձեւը` անհետացող փրփուրը կիրարկել «Լա լիկա»-ի 2014-2015 տարեշրջանին ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES